Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաւալնի Կը Մերժէ Իր Թունաւորման Գործի Հետաքննութեան Ծիրին Մէջ Համագործակցիլ Ռուսիոյ Հետ

September 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնի Գերմանիոյ դատախազութեան ներկայացուցիչին հետ զրոյցի ընթացքին մերժած է իր թունաւորման գործի հետաքննութեան ծիրին մէջ համագործակցիլ ռուսական կողմին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով Գերմանիոյ անվտանգութեան մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:

«Նաւալնին ինչպէս նախապէս կը գտնուի հիւանդանոցը` գերմանական ոստիկանութեան ուժեղ հսկողութեան տակ: Ան գերմանական դատախազութեան աշխատակիցի հետ զրոյցի ընթացքին մերժած է բաւարարել Գերմանիոյ հետ գործի միացեալ հետաքննութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ խնդրանքը, այս մասին ըսած է Գերմանիոյ անվտանգութեան մարմիններու աշխատակիցը», կը գրէ ամերիկեան օրաթերթը:

Սեպտեմբերի սկիզբը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտարարած էր, որ Գերմանիան կրնայ Նաւալնիի վերաբերեալ տուեալները յանձնել Ռուսիոյ, սակայն ինչ կը վերաբերի հետազօտութեան արդիւնքներուն, ապա անոնք անձնական տուեալներ են, որոնց յանձնումին արտօնութիւնը միայն Նաւալնին կրնայ տալ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ ռուս ընդդիմադիր գործիչը մտադիր չէ մնայուն բնակութիւն հաստատել Գերմանիոյ մէջ, այլ կը ծրագրէ վերադառնալ Ռուսիա եւ շարունակել նախապէս ծաւալած գործունէութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Նաւալնիի առողջութիւնը կտրուկ կերպով վատացած էր 20 օգոստոսին` Թոմսքէն Մոսկուա թռիչքի ընթացքին: Զինք փոխադրող օդանաւը արտակարգ էջք կատարած է Օմսք քաղաք, ուր ան դարմանուած էր շտապ օգնութեան թիւ մէկ հիւանդանոցին մէջ, որուն մասնագէտները Նաւալնիի մարմինին մէջ թոյնի հետքեր չէին յայտնաբերած:

Ըստ անոնց, հետազօտութիւնները միայն ալքոլի եւ քաֆէինի հետքեր ցոյց տուած են:

Ծանօթ է, որ Նաւալնին թռիչքէն առաջ օդակայանի սրճարանին մէջ թէյ խմած է:

Նախորդը

Վեներայի Մթնոլորտին Մէջ Կեանքի Հաւանական Նշաններ Յայտնաբերուած Են

Յաջորդը

«Ամերիկայի Դէմ Իրանեան Որեւէ Յարձակում Հազար Անգամ Աւելի Ուժեղ Պատասխանի Պիտի Արժանանայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.