Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեներայի Մթնոլորտին Մէջ Կեանքի Հաւանական Նշաններ Յայտնաբերուած Են

September 17, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիտնականները Վեներայի մթնոլորտին մէջ յայտնաբերած են հազուագիւտ քիմիական նիւթ մը, որ կրնայ վկայել մոլորակի մակերեւոյթին կենդանի մանր գոյացութիւններու գոյութեան մասին. այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը` նշելով, որ նման վերտառութեամբ յօդուածը լոյս տեսած է «Նէյչըր Ասթրոնոմի» ամսագիրին մէջ:

Յայտնաբերուած նիւթը ֆոսֆին է, որ անգոյն թունաւոր կազ մըն է, որ չափազանց հազուադէպ գոյութիւն ունի բնական պայմաններու մէջ: Երկրագունդի վրայ անիկա մեծ մասամբ կը ստանան արհեստական եղանակով` քիմիական գործողութեան հետեւանքով:

Բացի ատկէ, ֆոսֆին նաեւ կը յառաջանայ կայծակի հարուածէն եւ հրաբխային շարժումներու ժամանակ, սակայն միայն փոքր քանակութեամբ, իսկ Վեներայի մէջ յայտնաբերուած են այդ կազի զգալի պաշարներ: Ճիշդ այդ ալ գիտնականներուն արտօնած է յառաջ մղել զգայացունց վարկածը:

Խնդիրը այն է, որ բնական եղանակով ֆոսֆինը այդպիսի քանակներով կրնայ ստացուիլ թթուածինազուրկ միջավայրի մէջ ապրող մանրէներու կենսագործունէութեան շնորհիւ: Ըստ աստղագէտներու, բազմաթիւ բացատրութիւններէն ամէնէն հաւանականը այն է, որ կազը ունի կենսաբանական ծագում:

Կը յստակացուի, որ յայտնագործութիւնը կատարուած է հզօր աստղադիտակներու միջոցով:

Նոյն ատեն, փորձագէտները կը շեշտեն, թէ յայտնաբերուածը վկայութիւն է այն բանի, թէ Վեներայի` «Երկրի քոյր» մոլորակին վրայ կեանք կրնայ գոյութիւն ունենալ, սակայն չի բացառուիր նաեւ այն տարբերակը, որ յայտնաբերուած ֆոսֆինը ունի այլ` առայժմ անյայտ ծագում:

Վեներան կը պատկանի երկրային խումբի մոլորակներու դասին. անիկա քանի մը առումներով նման է Երկրագունդին: Մասնաւորաբար, Վեներան իր չափի, զանգուածի, Արեւի մերձակայութեան առումով նման է Երկրագունդին, սակայն այլ առումներով արմատապէս կը տարբերի մեր մոլորակէն: Բացի Վեներայէն, երկրային խումբի մոլորակներէն են նաեւ Հրատը եւ Փայլածուն:

Նախորդը

Ակնարկ. Չկորսնցնել Վերջին Առիթը

Յաջորդը

Նաւալնի Կը Մերժէ Իր Թունաւորման Գործի Հետաքննութեան Ծիրին Մէջ Համագործակցիլ Ռուսիոյ Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրան Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ  Կրակ Բանայ Եւ Սպաննէ, Ուաշինկթըն Պիտի Միջամտէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Եթէ Իրան Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ Կրակ Բանայ Եւ Սպաննէ, Ուաշինկթըն Պիտի Միջամտէ»

January 3, 2026
Հատրամութի Մէջ «Հայրենիքի Վահան»  Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Թիրախաւորող  Օդային Յարձակումներ
Միջազգային

Հատրամութի Մէջ «Հայրենիքի Վահան» Ուժերուն Վրայ Յարձակումները Թիրախաւորող Օդային Յարձակումներ

January 3, 2026
Խոստանալով Նեթանիահուի Կողքին Կանգնիլ`  Թրամփ. «Հըզպալլան Վատ Կերպով Կը Վարուի. Տեսնենք,  Թէ Զայն Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերը Ինչի՛ Պիտի Յանգին»
Գլխաւոր լուրեր

Խոստանալով Նեթանիահուի Կողքին Կանգնիլ` Թրամփ. «Հըզպալլան Վատ Կերպով Կը Վարուի. Տեսնենք, Թէ Զայն Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերը Ինչի՛ Պիտի Յանգին»

December 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.