Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ. «Իրանին Պիտի Արգիլենք Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Ջանքերը Ականահարել»

September 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ զգուշացուց Ֆրանսան, թէ Լիբանանի մէջ ճգնաժամի լուծման իր ջանքերը կրնան մսխուիլ, եթէ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինման հարցը անմիջապէս չլուծուի:

Փոմփէօ «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանէն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեցին, եւ Իրանին պիտի արգիլենք չինական հրասայլեր կամ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնել, ապա զէնքը Հըզպալլային ծախել եւ ականահարել Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ջանքերը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ եւս յայտնեց. «Որեւէ երկիր իրանեան տիրութենէն չվնասուեցաւ այնքան, որքան Լիբանան այսօր կը վնասուի: Արդարեւ, իրանեան գործակատար Հըզպալլան շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր եւ այսօր Պէյրութի մէջ գերակայ քաղաքական դերակատար է: Փտածութիւնը համատարած է, ելեւմտական ու քաղաքական համակարգը խանգարուած է եւ հազիւ կը գործէ, իսկ լիբանանցի երիտասարդները փողոցներուն մէջ կը բացագանչեն «Իրա՛ն, հեռացի՛ր»:

Փոմփէօ ցաւ յայտնեց, որ «Ֆրանսան կը մերժէ Հըզպալլան ամբողջութեամբ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել, ինչպէս եւրոպական այլ պետութիւններ կատարեցին, եւ արգելք հանդիսացաւ Եւրոպական Միութեան` նոյն ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու»:

«Ատոր փոխարէն Փարիզ կը պահպանէ Հըզպալլայի քաղաքական թեւի գոյութեան մասին պատրանքը, հակառակ ահաբեկիչի մը` Հասան Նասրալլայի իշխանութեան», ըսաւ Փոմփէօ:

Ան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, թէ (Իրանի) վարչակարգին վրայ առաւելագոյն ճնշումը, եւ ոչ թէ հանդարտեցումը, կրնայ առաջնորդել վերաբերումի փոփոխութեան, որուն կը ձգտինք բոլորս: Այդ պատճառով Միացեալ Նահանգներ իրանեան վարչակարգին վրայ աննախադէպ պատժամիջոցներ հաստատեցին, եւ վերատիրացան անոր դէմ զինուորական զսպումին, որուն կարեւորագոյնը ճակատամարտի դաշտէն Քասեմ Սիւլէյմանին դուրս բերելն էր»:

«Ֆրանսան ինչպէ՞ս կրնայ շաբաթ մը զէնքերու մատակարարման ջնջման թեր քուէարկել, իսկ յաջորդ շաբաթ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ հանդիպում ունենալ», հարց տուաւ Փոմփէօ:

«Այն սկզբունքային քաղաքականութիւնը, որուն հիման վրայ Ամերիկան կը գործէ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան դիմակայման մէջ, միեւնոյն սկզբունքն է, զոր Ֆրանսայի նախագահ Շարլ Տը Կոլ ամփոփեց` ըսելով. «Աշխարհի վրայ չկայ քաղաքականութիւն մը, որ իրականութենէն դուրս որեւէ բանի արժանի է»: Մեկնելով ատկէ, մենք գիտենք վարչակարգին իրականութիւնն ու սկզբունքը ի՛նչ է. Իրան աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան հովանաւորման մէջ յառաջատարն է եւ Միջին Արեւելքի մէջ անկայունութեան հիմնական աղբիւրը, եւ կը կարծեմ, թէ Ֆրանսայի մէջ մեր բարեկամները եւս կը գիտակցին Թեհրանին իսկական բնոյթին: Հարցն այն է, թէ Ֆրանսան պատրա՞ստ է մեզի միանալու` Իրանի դէմ կանգնելու եւ շրջանային խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու», իր յօդուածին մէջ կը գրէ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Չաւուշօղլու Եւ Փոմփէօ Քննարկած Են Արեւելեան Միջերկրականի Վիճելի Տարածքներու Եւ Կիպրական Հարցեր

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիրները Ստորագրեցին Իսրայէլի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.