ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Արցախի Ուղղութեամբ Ընթացող Մարտական Գործողութիւնները
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու Արցախի ուղղութեամբ ընթացող մարտական գործողութիւնները: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը խիստ անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիի շփման գիծին մէջ ռազմական գործողութիւններու նոր վերսկսումով եւ կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը, կը ցաւի քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերուն եւ կորուստներուն համար։ Ընդհանուր քարտուղարը...




















