Ֆրանսայի իշխանութիւնները պաշտօնական հետաքննութեան սկսած են նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութեան աղմկայարոյց արտահոսքին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:
«Ներքին գաղտնի փաստաթուղթերու որեւէ արտահոսք թոյլատրելի չէ: Այս պատճառով մենք զերծ պիտի մնանք մեկնաբանութիւններէ: Այժմ կը կատարուի քննութիւն», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Նախապէս Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Էլիզէի պալատը չէր կրնար գիտակցաբար, դիւանագիտական արժեչափերու խախտումով, լրատուամիջոցներուն փոխանցել Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներու զրոյցին ձայնագրութիւնը:
Փեսքով յիշեցուցած է. «Պերլինեան հիւանդի (Ալեքսէյ Նաւալնիի) նիւթը իսկապէս քննարկուած է Փութինի եւ Մաքրոնի վերջերս ունեցած զրոյցի ընթացքին, եւ Քրեմլին տեղեկացուցած է այդ մասին»:
«Միեւնոյն ժամանակ, դէպքը երբեք ճշգրիտ ձեւով չէ ներկայացուած ձեւակերպումներու մէջ: Եւ արդարութեան համար պէտք է նշել, որ դժուար թէ կարենար ճշգրիտ ըլլալ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէր, որ մեր ֆրանսացի գործընկերները դիտմամբ լրատուամիջոցներուն փոխանցած են երկու նախագահներու զրոյցի ձայնագրութիւնը, որ չի համապատասխաներ դիւանագիտական գործելաոճին: Համոզուած ենք, որ ատիկա այդպէս չէ», ընդգծած է Փեսքով:
Անոր համաձայն, Քրեմլինի միտքէն նոյնիսկ չի կրնար անցնիլ, որ Ֆրանսայի իշխանութիւններէն դէպի լրատուամիջոցներ կրնար ղեկավարներու խօսակցութեան բովանդակութեան «արտահոսք» ըլլալ:
Յիշեցնենք, որ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ Փութին Մաքրոնի հետ զրոյցի ընթացքին չէր բացառած, որ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին ինք թոյն խմած է:
Ատոր իբրեւ պատասխան` Նաւալնին իր դիմատետրեան էջին վրայ հեգնանքով գրած է. «Վլատիմիր Փութինը ֆրանսացի գործընկերոջը ըսած է. «Նաւալնին, հաւանական է, ինք կլլած է թոյնը»: Լաւ տարբերակ է: Կը կարծեմ` ատիկա արժանի է մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան: Խոհանոցին մէջ «Նովիչոք» պատրաստեցի: Օդանաւին մէջ գաղտնի շիշէն խմեցի: Մահաքունի մէջ մտայ: Ատկէ առաջ համաձայնութեան եկայ կնոջս, ընկերներուս եւ գործընկերներուս հետ, որ եթէ առողջապահութեան նախարարութիւնը պնդէ, որ զիս բուժման համար տեղափոխեն Գերմանիա, անոնք ոչ մէկ պարագայի արտօնեն ատիկա ընել: Մեռնիլ Օմսքի հիւանդանոցին մէջ եւ յայտնուիլ Օմսքի դիահերձարանին մէջ, ուր պիտի արձանագրուի մահուան պատճառը` «բաւականաչափ ապրած է». այդ է իմ խորամանկ ծրագիրիս վերջնական նպատակը: Սակայն Փութինը զիս գերազանցեց: Զայն այդքան դիւրին չես կրնար խաբել: Իբրեւ արդիւնք ես յիմարի պէս 18 օր մահաքունի մէջ պառկած էի, սակայն չհասայ նպատակիս: Սադրանքը ձախողեցաւ», գրած էր ռուս ընդդիմադիր գործիչը: