Միջազգային

«Այս Յարձակումը Անգամ Մը Եւս Կ՛ապացուցէ, Որ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Դադրեցնեն Պաքուին Զինուորական Օգնութեան Տրամադրումը»   Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Քոքս

«Այս Յարձակումը Անգամ Մը Եւս Կ՛ապացուցէ, Որ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Դադրեցնեն Պաքուին Զինուորական Օգնութեան Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Քոքս

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Թի Ճէյ Քոքս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ դատապարտած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը` Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղելով դադրեցնելու Ազրպէյճանին որեւէ զինուորական օգնութեան տրամադրումը: «Արցախի մայրաքաղաքին վրայ Ազրպէյճանի անհիմն յարձակումները արդէն մարդկային կեանքեր խլած են: Այս յարձակումը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն Պաքուին որեւէ զինուորական օգնութեան տրամադրումը:...

Ազրպէյճանի Մէջ Մասնակի Զօրահաւաք Յայտարարուած Է

Ազրպէյճանի Մէջ Մասնակի Զօրահաւաք Յայտարարուած Է

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է երկրին մէջ մասնակի զօրահաւաք կազմակերպելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Հրամանագիրի համաձայն, Զօրակոչի եւ հաւաքագրման պետական ծառայութեան հրամայուած է հաստատուած ծրագիրներուն համապատասխան ապահովել զինապարտներու զօրակոչն ու զինուորական-փոխադրամիջոցային քայլերու գործադրումը:  

Մաքրոն Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Կարեւոր Նկատած Է Տագնապին` Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծումը

Մաքրոն Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Կարեւոր Նկատած Է Տագնապին` Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծումը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Կը նշուի, թէ Մաքրոն յայտնած է, որ Ֆրանսան մտահոգ է հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինեալ տագնապով եւ կարեւոր նկատած է բանակցութիւններու միջոցով տագնապին լուծումը: Ալիեւ իր կարգին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին մէջ տիրող լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու համար...

ԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Վերջին Յարձակումներուն Վերաբերեալ

ԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Վերջին Յարձակումներուն Վերաբերեալ

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան (ԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ յայտարարութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի վերջին զինուորական յարձակումներուն վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը խստօրէն կը դատապարտէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած` Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, որ ուղղակիօրէն կ՛անտեսէ ՄԱԿ-ի` տագնապներու խաղաղ լուծման հասնելու, ինչպէս նաեւ երկարատեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն խթանելու կոչերը: «Աւելի՛ն. մենք Ազրպէյճանին կոչ...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Կիպրոսի Պատուիրակութեան Ղեկավարը Կը Զօրակցի «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանական Ուժերու Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուող» Հայ Ժողովուրդին

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Կիպրոսի Պատուիրակութեան Ղեկավարը Կը Զօրակցի «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանական Ուժերու Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուող» Հայ Ժողովուրդին

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մէջ կիպրական պատուիրակութեան ղեկավար Նիքոս Թոռնարիթիս իր թուիթըրեան էջին վրայ գրառում կատարելով աջակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած զինուորական գործողութիւններուն կապակցութեամբ: «Ես լիովին կ՛աջակցիմ հայ ժողովուրդին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարձակումի կ՛ենթարկուի ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Իբրեւ Կիպրոսի պատուիրակութեան ղեկավար` գործընկերներս պիտի տեղեկացնեմ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին մասին», գրած է Թոռնարիթիս:

«Թրամփի Վարչակազմը Պէտք Է Դադրեցնէ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը»  Կ՛ըսէ Ծերակուտական Մենենտեզ

«Թրամփի Վարչակազմը Պէտք Է Դադրեցնէ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Մենենտեզ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Պապ Մենենտեզ իր թուիթըրեան էջին վրայ գրառում մը կատարելով դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները: «Ես վճռականօրէն կը դատապարտեմ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող յարձակումի յաւելեալ մէկ գործողութիւն է: Թրամփի վարչակազմը պէտք է դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանի օգնութեան ցուցաբերումը», գրած է ծերակուտականը: Մենենտեզ նաեւ...

Փայլան Կոչ Ուղղած Է Կիրակի Օր Քուէարկելու  Ընդդիմադիր Թեկնածուի Օգտին

«Թուրքիան Աշխարհի Միակ Երկիրն Էր, Որ Աջակցած Է Պատերազմին» Կ՛ըսէ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձած է 27 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած զինուորական գործողութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ Թուրքիոյ արձագանգին: «Այսօր սկսած հայ-ազրպէյճանական տագնապի ծիրին մէջ Թուրքիան աշխարհի միակ երկիրն էր, որ աջակցած է պատերազմին: Այն ժամանակ, երբ բոլոր երկիրներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները խաղաղութեան կոչեր կ՛ուղղեն, խորհրդարանն ու լրատուամիջոցները կը շարունակեն...

Քոնկրեսական Շիֆ Դատապարտած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Քոնկրեսական Շիֆ Դատապարտած Է Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ դատապարտած է Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ինչպէս կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը, Էտըմ Շիֆ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է արագօրէն աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս անդամներուն հետ` խաղաղութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: «Այս գիշերուան ընթացքին Ազրպէյճանը անցած է Արցախի վրայ վերջին տարիներու մեծագոյն գրոհին, եւ ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, զգալի...

Քոնկրեսական Փալոն Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Զինուորական Մագլցումը

Քոնկրեսական Փալոն Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Զինուորական Մագլցումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ֆրանք Փալոն դատապարտած է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շղթայազերծած զինուորական մագլցումը: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Ամերիկայի Ձայն»-ին, կը հաղորդէ, որ Փալոն նշած է, որ պէտք է քայլերու ձեռնարկել նախայարձակ երկու պետութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Ամիսներ շարունակ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան աւելցուցած են Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իրենց մարտական հռետորաբանութիւնը եւ...

Իրան Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Իր Հողերուն Ուղղութեամբ Որեւէ Ռումբ Արձակելէ

Իրան Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Իր Հողերուն Ուղղութեամբ Որեւէ Ռումբ Արձակելէ

Իրանի ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը զգուշացուցին իրենց միջեւ բախումներու ընթացքին հրասանդէ արձակուած որեւէ ռումբի սխալմամբ իրանեան սահմանին մօտ իյնալէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»¬ի արաբերէն ծառայութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան: Իրանի ներքին ապահովութեան ուժերու փոխհրամանատար զօր. Քասեմ Ռիտայի յայտնեց. «Իբրեւ երկու երկիրներուն դրացի մեր լուրջ պահանջներէն մէկը հարցը բանակցութիւններու ճամբով լուծելն է»: Ան յայտնեց, որ...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Համաշխարհային Ու Անմիջական Զինադադար Հաստատելու

«Կովկասէն Տագնապալի Լուրեր Կը Հասնին, Կ’աղօթեմ Այդ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Համար» Կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը, Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման լոյսին տակ, Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման կոչ ուղղած է։ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պապը կոչ ուղղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ հակամարտութեան ուժային լուծում տալու գործելաոճէն հրաժարելու։ «Կովկասէն տագնապալի լուրեր կը ստացուին։ Կ'աղօթեմ այդ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար եւ կոչով կը դիմեմ հակամարտող կողմերուն՝...

Միացեալ Նահանգներ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Վերջին Զարգացումներուն Առնչութեամբ

Միացեալ Նահանգներ Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Վերջին Զարգացումներուն Առնչութեամբ

«Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներով, որոնց պատճառով արձանագրուած են էական կորուստներ», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու եւ վիրաւորներու հարազատներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ տեղեկացուցած է, որ այսօր փոխնախարար Սթիվըն Պիկանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւ ունեցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` կոչ ուղղելով անյապաղ զինադադար հաստատելու, օգտագործելու ուղիղ...

«Ցեղասպանութիւն» Ըսելուն Համար Փայլանի  Դէմ Հետաքննութիւն` Քրէական  Օրէնսգիրքի 301-րդ Յօդուածով

Փայլան Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ` Կրակին Վրայ Քարիւղ Թափող Երկիր Ըլլալէ Դադրելու

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` դադրելու կրակի վրայ քարիւղ թափող երկիր ըլլալէ: Այս մասին Փայլան գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ուղղութեամբ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն: «Ղարաբաղի մէջ կ՛ընթանան լայնածաւալ բախումներ` հայ¬ազրպէյճանական զօրքերուն միջեւ: Մեր երկիրը (Թուրքիան «Ա.») պէտք է դադրի կրակին վրայ քարիւղ թափող երկիր ըլլալէ: Այս պատերազմին մէջ չկայ Û³ÕÃáÕ£ Ø»Ýù ëï³ÝÓÝ»Ýù...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Ժողովուրդը Յոգնած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Շուրջ  Անիմաստ Բանակցութիւններէն,  Եւ Միջնորդները Պէտք Է Ատիկա Հասկնան»

Ալիեւի Հրամանագիրով` Սեպտեմբեր 28-էն Ազրպէյճանի Ամբողջ Տարածքին Զինուորական Դրութիւն Պիտի Հաստատուի

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սեպտեմբեր 28-էն երկիրի ամբողջ տարածքին զինուորական դրութիւն պիտի հաստատեն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը հրամանագիր հրապարակած է երկրի շարք մը քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ զինուորական դրութիւն հաստատելու մասին: Այս մասին եւս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին փոխանցմամբ` Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան տրուած են կրակմարի ժամ...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահները Կը Յայտարարեն.  «Տագնապի Համապարփակ Լուծումը  Զիջումներ Կը Պահանջէ Բոլոր Կողմերէն»

ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մտահոգութիւն Յայտնեցին Եւ Մարտական Գործողութիւններու Անյապաղ Դադրեցման Կոչ Ուղղեցին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն` նշելով, որ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւնը տեղադրուած է ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ: «Համանախագահները մտահոգութեամբ կը հետեւին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի շփման գիծին երկայնքով ընթացող լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն մասին հաղորդագրութիւններուն: Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները եւ վերսկսելու բանակցութիւնները` տագնապի կայուն...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Սահմանադրական Յանձնախումբը Վաւերացուց «Ցեղասպանութիւն» Եզրը Արգիլող Օրէնքի Թղթածրարը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Կուսակցութիւնները Եւս Հայաստանը Մեղադրող Յայտարարութիւններ Կատարած Են

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւնները եւս յայտարարութիւններ կատարած են արցախեան շփման գիծին մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն մասին: Իշխանական դաշինքին անդամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տէյվիտ Պահչելին Երեւանը մեղադրած է «Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութիւն ստեղծող, զաւթողական քաղաքականութիւն վարելու մէջ` յայտարարելով, թէ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը սպառնալիք է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան»: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար...

ՕԹԱՆ Կոչ Ուղղեց Կողմերուն` Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծին Մէջի Զինուորական Գործողութիւնները

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ ուղերձ յղած է ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական կայքին վրայ: «ՕԹԱՆ խորապէս մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին շփման գիծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող հաղորդագրութիւններով: «Կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն զինուորական գործողութիւնները, որոնք արդէն...

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կրակոցը Անյապաղ Դադրեցնելու Եւ Առանց Նախապայմանի Բանակցային Սեղան Վերադառնալու

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կրակոցը Անյապաղ Դադրեցնելու Եւ Առանց Նախապայմանի Բանակցային Սեղան Վերադառնալու

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն անյապաղ կրակոցի դադրեցման եւ բանակցութեան սեղան վերադառնալու կոչ ուղղած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Զինուորական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցուին, որպէսզի կանխարգիլուի հետագայ սրումը: Անյապաղ վերադարձ պէտք է կատարուի բանակցային հոլովոյթին` առանց նախապայմաններու. ասիկա յառաջ շարժելու միակ ուղին է», իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի...

Լաւրով Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին Ընդգծած Է Զինադադարի Շուտափոյթ Հաստատման Անհրաժեշտութիւնը

Լաւրով Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին Ընդգծած Է Զինադադարի Շուտափոյթ Հաստատման Անհրաժեշտութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ «Նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կացութեան կտրուկ սրումը։ Լաւրով լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է շփման գիծին մէջ լարուածութեան շարունակուող սրումին գծով, մանաւանդ որ անիկա պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու, ներառեալ՝ խաղաղ բնակչութեան», կ'ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։ Կը նշուի,...

Ֆրանսա Կոչ Կ’ուղղէ՝ Անմիջապէս Դադրեցնելու Թշնամական Արարքները Եւ Երկխօսութիւնը Շարունակելու

Ֆրանսա Կոչ Կ’ուղղէ՝ Անմիջապէս Դադրեցնելու Թշնամական Արարքները Եւ Երկխօսութիւնը Շարունակելու

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անիէս վոն տէր Մոլ երէկ՝ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց. «Ֆրանսան խորապէս մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ բախումներուն եւ մասնաւորաբար քաղաքայիններու շարքերուն մէջ զոհերու արձանագրութեան վերաբերող տեղեկութիւններուն գծով, եւ կոչ կ'ուղղէ՝ անմիջապէս դադրեցնելու թշնամական արարքները եւ երկխօսութիւնը շարունակելու»։ Վոն տեր Մոլ ըսաւ, որ Ֆրանսան՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր «իր ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներուն...

Page 426 of 884 1 … 425 426 427 … 884

Արխիւներ