Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Յայտնած Է, Թէ Ի՛նչ Պայմանով Պիտի Համաձայնի Իշխանութեան Խաղաղ Փոխանցման

September 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրիտմըն. «Միացեալ Նահանգներ Հաստատօրէն
Դէպի Քաղաքացիական Բ. Պատերազմ Կ՛ուղղուին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահի պաշտօնը խաղաղ ճամբով պիտի լքէ միայն այն պարագային, երբ նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտուի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտընէն, ինչ որ պիտի հաստատէ Գերագոյն դատարանը: Այս մասին ան յայտարարած է «Ֆոքս նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Այդ պարագային ես համաձայն պիտի ըլլամ Գերագոյն դատարանի որոշումին հետ: Սակայն ես կը կարծեմ, թէ մինչեւ հոն հասնիլը մենք տակաւին երկար ճամբայ ունինք», ըսած է գործող նախագահը:

Թրամփ նախապէս մամլոյ ասուլիսի ժամանակ մերժած էր նախագահական ընտրութեան ընթացքին իր պարտութեան պարագային երաշխաւորել երկրին մէջ խաղաղ իշխանափոխութիւն:

«Եկէք տեսնենք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Ես արդէն ըսած եմ, որ նամակատան ճամբով քուէարկութիւնը աղէտ է», ըսած էր Թրամփ` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

Սպիտակ տան ղեկավարը նոյն ատեն վստահութիւն յայտնած էր, թէ պիտի յաղթէ:

«Իշխանութեան որեւէ յանձնում պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ շարունակութիւն», աւելցուցած էր ան:

Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է 3 նոյեմբերին:

Միւս կողմէ, ամերիկեան ականաւոր գրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Թամըս Ֆրիտմըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատօրէն դէպի քաղաքացիական երկրորդ պատերազմ կ՛ուղղուին` աւելցնելով, որ այն, ինչ որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ, կը նմանի Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ տեղի ունեցածին:

Ան նշեց, որ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, աներեւակայելի է: Ըստ անոր, Հանրապետական կուսակցութիւնը աշխուժօրէն աշխատանք կը տանի երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ տանելու, երբ Թրամփի պարտութեան պարագային ընտրութեան արդիւնքին օրինականութիւնը նախապէս կը խլէ:

Ֆրիտմըն ըսաւ, որ քաղաքացիական պատերազմէն միակ փրկութիւնը թերեւս Թրամփի երկրորդ նստաշրջան մը ապահովելը կրնայ ըլլալ:

 

 

 

Նախորդը

Լուիզվիլի Մէջ 2-րդ Օրն Անընդմէջ Ցոյցեր` Ոստիկանութեան Կողմէ Սեւամորթ Կնոջ Սպանութեան Դէմ

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Դատաւորներու Եւ Բանտերու Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.