Նշելով, Որ Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Յետաձգուած Է Եւ Ոչ Թէ Ջնջուած. Թուրք-Իրանեան Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի` Դիմակայելու Համար Քաթարի Պաշարումը
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը չէ ջնջուած, ինչպէս նախապէս լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, այլ յետաձգուած է, ինչպէս նաեւ նախատեսուած հանդիպումը միայն Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ էր: «Այն, ինչ որ տեղի պիտի ունենար, երկկողմանի հանդիպումի համար Թուրքիա այցելութիւն մըն է, որ մեր մօտ գոյութիւն ունեցող արգելքներուն պատճառով յետաձգուեցաւ եւ ոչ թէ...




















