Եգիպտոս կոչ ուղղած է Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ դադրեցնելու կացութեան սրումը: ԹԱՍՍ-ի փոխանցմամբ, այս մասին կ՛ըսուի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Ուշադրութեամբ կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի զարգացման եւ երկու կողմին ալ կոչ կ՛ուղղենք` զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ դադրեցնելու հակամարտութեան սրումը: Եգիպտոսը կը խնդրէ բոլոր կողմերէն երկխօսութեան սկսելու` խաղաղ միջոցներով լուծման հասնելու նպատակով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ, միջազգային օրինականութեան համաձայն», ընդգծած է նախարարութիւնը: