Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ թուիթըրեան իր էջին վրայ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն` կոչ ուղղելով անյապաղ վերջ տալու բռնութեան եւ հարցը բանակցային սեղանի շուրջ լուծելու:
«Իրան ուշադիր կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող տագնապալի բռնութեան դէպքերուն: Կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ վերջ տալու զինուորական գործողութիւններուն եւ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան միջոցով: Մեր դրացիները մեզի համար առաջնահերթութիւն են, եւ մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու լաւ պայմաններ առաջարկել», գրած է Զարիֆ եւ աւելցուցած. «Մեր տարածաշրջանին մէջ այժմ խաղաղութեան կարիք կայ»: