Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական ամսագիրի խմբագրութեան նախկին շէնքին մօտ անյայտ անձ մը դանակով յարձակում գործեց անցորդներու վրայ:
Յարձակումին պատճառով վիրաւորուեցան չորս անձեր: Ոստիկանութիւնը շրջափակեց թաղամասը եւ ձերբակալեց երկու կասկածելիներ:
Յայտնի է, որ «Շարլի Էպտօ»-ն ամսուան սկիզբը դարձեալ հրապարակած էր Մոհամետ մարգարէի վիճայարոյց ծաղրանկարները, որոնց պատճառով խմբագրութեան աշխատակիցները սպառնալիքներ ստացած են:
Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ ստանձնած է յարձակումին հետաքննութիւնը` նշելով, որ հետաքննութիւն ձեռնարկած է «ահաբեկչական արարքի առնչուած մահափորձ»-ին եւ «ահաբեկչական քրէական միութեան» շուրջ: