Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս կոչ ուղղած է՝ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ, նաեւ գիւղերու ու քաղաքներու ռմբակոծումը։ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը։
«Շփման գիծի ամբողջ երկայնքով զանգուածային բախումներու վերսկսման մասին լուրը իսկապէս մտահոգած է զիս։ Արդէն տեղեկութիւններ կը ստացուին երկու կողմերու քաղաքացիական բնակչութեան շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհերու մասին։ Ես կոչ կ’ուղղեմ հակամարտութեան կողմերուն՝ անյապաղ դադրեցնելու բոլոր մարտական գործողութիւնները եւ յատկապէս գիւղերու ու քաղաքներու ռմբակոծումները», ըսած է Մաաս։
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով։
«ԵԱՀԿ-ի Միսնքի խումբը եւ անոր երեք համանախագահները պատրաստ են աջակցելու ատոր։ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ ձեռնպահ մնան բռնարարքներէն եւ անցնին առարկայական բանակցութիւններու», նշած է նախարարը։