Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ռուհանի. «Իրան Շահագրգռուած Է Իր Դրացի Երկիրներու Հողային Ամբողջականութեամբ»

October 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան շահագրգռուած է իր դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութեամբ եւ պատրաստ է կարելի որեւէ քայլ որդեգրելու` լուծելու համար ղարաբաղեան տագնապը: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»¬ը` յղում կատարելով Իրանի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան:

Ռուհանի յայտնած է, որ Ազրպէյճան Իրանի համար լաւ դրացի է, եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները միշտ ալ կառավարական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ շատ սերտ եղած են:

Իրանի նախագահը ըսած է, թէ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ յանձնառու է յստակ կեցուածքի մը, որ աներկբայելի է` շեշտելով. «Իրան պատրաստ է կարելի եղած որեւէ քայլ որդեգրելու` տագնապի միջազգային օրէնքի եւ երկու երկիրներուն ճանչցուած սահմաններուն հիմամբ լուծելու համար»:

Ան նշած է, որ պէտք է ազրպէյճանական եւ հայկական զինեալ ուժերուն միջեւ բախումները կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցնել:

«Շրջանին մէջ խաղաղութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է, ինչպէս նաեւ մեր դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը մեզի համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ», ըսած է ան:

Ռուհանի նշեց, որ Իրան մտահոգ է կարգ մը երկիրներու տագնապին մէջ միջամտութենէն եւ կարեւոր կը նկատէ իր սահմաններուն վրայ անվտանգութեան ապահովումը` աւելցնելով, որ տագնապն ու իր սահմաններուն վրայ անվտանգութեան չգոյութիւնը պէտք չէ ճամբայ հարթէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջամտութեան առջեւ` շեշտելով իր երկրի սահմանին անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Ալիեւ իր կարգին յայտնած է, որ «Իրանի անվտանգութիւնը Ազրպէյճանի անվտանգութիւնն է»` խոստանալով. «Պիտի չարտօնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապը դրացի երկիրներու մէջ ապահովութեան քայքայման առաջնորդէ»:

Ազրպէյճանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանին` «իր շինիչ կեցուածքներուն եւ ազրպէյճանական հողերու ամբողջականութիւնը պաշտպանելուն համար»:

 

 

Նախորդը

Ասատ. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Սրման Գլխաւոր Հրահրողն Ու Նախաձեռնողը Էրտողանն Է»

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Պաքուէն Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն Հայաստանի Հեռանալէն Բացի Այլ Լուծում Չկայ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.