Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոչ Կ՛ուղղենք Անյապաղ Վերջ Տալու Թուրքիոյ Միջամտութեան. Հայերը Կը Վախնան 1915 Թուականի Ցեղասպանութեան Կրկնութենէն» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Իշխող Կուսակցութեան Անդամ Երեսփոխանը

October 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, իշխող Աւստրիոյ ժողովրդական կուսակցութեան անդամ, Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Կուտուն Քուկլըր կոչ ուղղած է` վերջ տալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն Թուրքիոյ միջամտութեան:

«Աւստրիոյ «ՕՐՖ-օնլայն» օրաթերթը այսօր գրած է, թէ համաձայն Հայաստանի կառավարութեան տեղեկութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ «կատաղի կռիւներ» եւ «լայնածաւալ յարձակումներ» կ՛ընթանան, եւ «օրեր շարունակուող մարտերը իրենց ծաւալով կը գերազանցեն շրջանին մէջ տարիներէ ի վեր տեղի ունեցող միջադէպերը»:

«Միեւնոյն ժամանակ կը տեղեկացուի, որ մարտի դաշտին մէջ կռուողներէն շատերը Թուրքիայէն են, նոյնիսկ ժիհատականներ կան, եւ որ տակաւին կը շարունակուին տարբեր երկիրներէ սպառազինութիւններու մատակարարումները: Կը յայտնեն, որ մարտեր եղած են նաեւ Հայաստանի տարածքին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ հետագայ մագլցում: Այս բոլորը չափազանց մտահոգիչ են:

«Իբրեւ խորհրդարանի` Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ եւ իբրեւ Աւստրիոյ ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան մարդու իրաւունքներու հարցերով բանբեր, ես եւ Աւստրիոյ ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Ռայնհոլտ Լոփաթքան կոչ կ՛ուղղենք`

1.- Անյապաղ դադրեցնելու պատերազմական գործողութիւնները,

2.- Վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան,

3.- Փոխզիջումներու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու` միջազգային իրաւունքին համապատասխան երկարաժամկէտ եւ կայուն լուծում գտնելու համար,

4.- Նուազեցնելու տարիներ շարունակ սերմանուած ատելութիւնը,

5.- Անյապաղ վերջ տալու Թուրքիոյ միջամտութեան,

6.- Սահմանափակելու զինուորական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու մատակարարումը,

7.- Ըստ անհրաժեշտութեան, ցուցաբերելու մարդասիրական օժանդակութիւն:

«Ժողովուրդներուն կարելի է հասկնալ միայն իրենց պատմութեան միջոցով: Հայերը կը վախնան 1915 թուականի Ցեղասպանութեան կրկնութենէն: Այդ ժամանակ 1,5 միլիոն հայ սպաննուեցաւ, մինչ աշխարհի մեծ տէրութիւնները պարզապէս կը դիտէին», գրած է աւստրիացի խորհրդարանականը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Յաջորդը

Հերքելով Ուքրանացի Երեսփոխանի Ազրպէյճանամէտ Յայտարարութիւնը` «Ուքրանիան Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Կողմերէն Որեւէ Մէկուն Զինուորական Օգնութիւն Պիտի Չտրամադրէ» Կ՛ըսէ Աւագով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.