Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերքելով Ուքրանացի Երեսփոխանի Ազրպէյճանամէտ Յայտարարութիւնը` «Ուքրանիան Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Կողմերէն Որեւէ Մէկուն Զինուորական Օգնութիւն Պիտի Չտրամադրէ» Կ՛ըսէ Աւագով

October 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով, իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին վրայ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման, յայտարարած է, որ Ուքրանիան տագնապի կողմերէն որեւէ մէկուն զինուորական օգնութիւն պիտի չտրամադրէ:

«Ուքրանիան զինուորական օգնութիւն պիտի չտրամադրէ հայ-ազրպէյճանական տագնապի կողմերէն ոչ մէկուն: Իսկ  բժշկական օգնութիւն, մասնաւորաբար` դեղահատներ, չափազանց վառ երեւակայութեան տէր երեսփոխաններու համար պէտք է ամբողջ երկրին մէջ փնտռենք», գրած է նախարարը:

Այդ գրառման նախորդած էր Գերագոյն ռատայի երեսփոխան Լիւտմիլա Մարչենքոյի յայտարարութիւնը, թէ Ուքրանիան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման լոյսին տակ զինուորական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու Ազրպէյճանին:

Իշխող «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան անդամը նշած էր, որ եթէ հարցը սուր ձեւով դրուի, ապա Քիեւ անտարբեր պիտի չմնայ: Անոր համաձայն, իշխանութիւնները արդէն իրաւական դաշտին եւ ներուժներու ոլորտին մէջ աջակցութիւն կը տրամադրեն Պաքուին` պատրաստելով մարդասիրական օգնութիւն:

«Ուքրանիան այսօր պատրաստ է տարբեր հարթակներու մէջ աջակցելու Ազրպէյճանին: Խօսքը թէ՛ զինուորական, թէ՛ մարդասիրական օգնութեան մասին է», պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած է Մարչենքօ:

Նախորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Անյապաղ Վերջ Տալու Թուրքիոյ Միջամտութեան. Հայերը Կը Վախնան 1915 Թուականի Ցեղասպանութեան Կրկնութենէն» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Իշխող Կուսակցութեան Անդամ Երեսփոխանը

Յաջորդը

Լաթվիոյ Նախագահի Խորհրդականը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Արցախին

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.