Սուրիոյ Քիւրտիստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանին եւ Հայաստան բնակող քիւրտ ժողովուրդին` հաստատելով, որ պիտի կանգնին Հայաստանի կողքին` Ազրպէյճանի նախայարձակման դէմ, որուն անմիջական աջակցութիւն ցոյց կու տայ Թուրքիան:
«Հաուար Նիուզ» կը հաղորդէ, որ կուսակցութիւնը ՄԱԿ-ին, Ապահովութեան խորհուրդին եւ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է` զսպելու Թուրքիան եւ հեռացնելու թրքական ուժերն ու սուրիացի վարձկանները:
Կուսակցութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարած են Գամիշլիի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի շէնքին մօտ: Ցոյցին մասնակիցները դատապարտած են Ազրպէյճանի յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: