Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոստովանած է, որ Ազրպէյճանի մէջ թրքական օդուժի «Էֆ-16» հալածիչներ կան: Ան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ թրքական հալածիչները Ազրպէյճան տարուած են ռազմափորձերուն մասնակցելու նպատակով: Ան պնդած է, թէ անոնք «գետնի վրայ են» եւ չեն օգտագործուիր:
Ալիեւ յիշատակած է տակաւին նախորդ տարի կատարուած ազրպէյճանական-թրքական միացեալ 10 ռազմափորձերը, որոնց մասնակցած է նաեւ օդուժը: Հարց կը յառաջանայ` ինչու ռազմափորձերուն մասնակցելու համար տարուած հալածիչները շարունակած են մնալ Ազրպէյճանի մէջ:
Պաքու վերջին օրերուն բազմիցս հերքած է թրքական «Էֆ-16»-ներու Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւնը. Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ փորձած է մոլորեցնել միջազգային ընտանիքը` «Տը Սփեքթէյթըր»-ին հետ հարցազրոյցին ընթացքին պնդելով.«Էֆ-16»-ներ ո՛չ գետնի վրայ, ո՛չ ալ օդին մէջ կան»:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ ազրպէյճանական օդակայանին մէջ «Էֆ-16»-ի գոյութեան մասին անհերքելի ապացոյցներու հրապարակումէն ետք Ալիեւին այլ բան չէր մնար, քան այդ փաստը խոստովանիլ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի հետաքննող լրագրող Քրիսթիան Թրիպըրտ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած էր Գեանջայի (Գանձակ) օդուժի ռազմակայանի արբանեակային լուսանկարը, որուն մէջ 3 հոկտեմբերի դրութեամբ կ՛երեւին նուազագոյնը երկու թրքական «Էֆ-16» հալածիչներ:
«Հալածիչները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը շահագործուին թրքական օդուժին կողմէ «Սի.Էն.-235» բեռնատար օդանաւին հետ միասին», գրած էր Թրիպըրտ: