Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին եւ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ տիրող կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ: Տեղի ունեցած է ղարաբաղեան տագնապի շուրջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ կարծիքներու մանրակրկիտ փոխանակում», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:
Զրոյցի ընթացքին Ռուհանի Փութինին աջակցութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման եւ բանակցային հոլովոյթի շուտափոյթ վերսկսման առնչութեամբ:
Նշենք, որ Ռուհանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է. «Երրորդ կողմերու Ղարաբաղի տագնապին միջամտութիւնը պատերազմի տարածքի ընդլայնման եւ անոր երկարաձգման պիտի յանգեցնէ»: