Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) չ՛ողջուներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը, եթէ անոնք կը գործեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրութեան շրջանակներէն դուրս: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
«Այդ իրադարձութիւններու մասնակիցներու ընդլայնումը չի բխիր իրավիճակի կարգաւորման, տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան մեղմացման շահերէն: Այդ պատճառով մենք կ՛ողջունենք մասնակցութիւնը այն երկիրներուն, որոնք կը մտնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ եւ կը գործեն այն լիազօրութիւններու շրջանակներուն մէջ, որոնք վերապահուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, որոնք ունին այդ լիազօրութիւնը», ըսած է Զաս:
Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն այլ երկիրներու ներգրաւումը այս տագնապին մէջ կը նկատէ հակաարդիւնաւէտ:
«Եթէ Թուրքիոյ գործունէութիւնը դուրս կու գայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրութեան շրջանակներէն, ապա մենք, ի հարկէ, ատիկա չենք ողջուներ», նշած է Սթանիսլաւ Զաս: