Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ աւագանիի հայազգի անդամ Սելինա Տողանի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքին նկատմամբ եղած են սպառնալիքներու դրսեւորումներ: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին մատնանշած է այս օրերուն փողոցներուն մէջ ազրպէյճանական դրօշներով ցոյցերը` խօսելով Արցախի մէջ սկսած պատերազմի ընթացքին ազգայնականներու կողմէ Թուրքիոյ հայ համայնքին ուղղուած սպառնալիքներուն մասին:
«Եղած են որոշ ակնարկներ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, թէ պիտի պաշտպանեն Թուրքիոյ հայ համայնքը, սակայն երկրի ներքին օրակարգը այնքան զբաղած է, որ նման ակնարկները կ՛անտեսուին», ըսած է ան` նշելով, որ ամբողջ աղմուկին մէջ ատիկա պարզապէս չի լսուիր:
Սելինա Տողանի համաձայն, ի հարկէ, ստեղծուած իրավիճակը վտանգներ եւ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ: Այդ մասին կառավարութեան հետ քննարկումներ կ՛ընեն «ընդդիմադիր լրատուամիջոցները» եւ քաղաքական ուժեր: Այդ մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան:
Անդրադառնալով համայնքին մէջ տիրող տրամադրութիւններուն` ան նշած է, որ ինք իրաւասու չէ բոլորի փոխարէն պատասխանելու, սակայն ընդհանուր առմամբ հիմնուելով պատմական փորձառութեան վրայ` գիտէ, որ նման կարգի տագնապները միջհամայնքային թշնամանք կը յառաջացնեն:
«Այնպէս որ արհեստաւորները, ծնողները, համայնքի գործիչները մտահոգ են: Թուրքիոյ քաղաքական գործիչները, մտաւորականները պէտք է աւելի բարձր խօսին խնդիրը դիւանագիտական երկխօսութեան միջոցով լուծելու եւ խաղաղութիւն ստեղծելու մասին», ըսած է ան: