Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու տան միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:
«Ներկայացուցիչներու տունը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւնը Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին` վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծումը, կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու կրակն ու խաղաղ բանակցութիւններ վարելու», գրած է Հայրապետեան: