ԵԱՀԿ-ի նախագահ Էտի Ռաման ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական զինադադարի հաստատումը: Ան այս մասին գրած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:
«Համաձայնագիրը ճամբայ կը բանայ դէպի բովանդակային բանակցութիւններ», ըսած է ան` կարեւոր նկատելով թէ՛ ցամաքային, թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ղեկավարած հոլովոյթին մէջ կայունութիւնը: