Միջազգային

Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ  Որդեգրած Է Լեռնային Ղարաբաղի  Հարցով Միջնորդութիւնը

Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Միջնորդութիւնը

Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առաջարկ-միջնորդութիւնը, որ նախաձեռնած էին Ռէյնհոլտ Լոփաթքան, Էւա Էռնսթ Չիձիչը եւ Փամելա Ռենտի-Վակները: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Միջնորդութիւնը որդեգրուած է միաձայնութեամբ` բոլոր խորհրդարանական խումբերուն կողմէ: Միջնորդութեան հիմնական կէտերը կը վերաբերին զինադադարին ուղղուած` Աւստրիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, Թուրքիոյ միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման դատապարտման ու Վիեննայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ կատարելուն:...

Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 Երեսփոխան Եւ 15 Ծերակուտական  Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու  Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 Երեսփոխան Եւ 15 Ծերակուտական Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ Քոնկրեսի անդամ 21 երեսփոխաններ եւ 15 ծերակուտականներ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են: «Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` Արցախի քաղաքացիներու խաղաղ կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Թուրքիոյ Մնայուն Սադրանքները  Անթոյլատրելի Են»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Թուրքիոյ Մնայուն Սադրանքները Անթոյլատրելի Են» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան իր գերմանացի եւ լեհ պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մնայուն սադրիչ գործողութիւնները անթոյլատրելի են: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Ֆիկարօ»-ն: «Պէտք է նշել, որ Թուրքիան մշտապէս սադրիչ գործողութիւններու կը ձեռնարկէ, ինչ որ անթոյլատրելի է: Մենք կ՛ուզենք, որ Անգարան յստակացնէ իր դիրքորոշումը», ըսած է նախարարը` մեկնաբանելով Թուրքիոյ գործողութիւնները Միջերկրական ծովու...

Պելճիքայի Մէջ Արցախի Հետ  Բարեկամութեան Խումբերը Կը Շեշտեն  Բանակցութիւններուն Արցախի Ուղղակի  Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Պելճիքայի Ֆլամանական Խորհրդարանը Որդեգրած Է Արցախի Դէմ Պատերազմական Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Մը

Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի դէմ պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենակը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 10 հոկտեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը խախտուած է Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ռմբակոծումով: Կը շեշտուի, որ Ազրպէյճան կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, կը թիրախաւորէ ոչ զինուորական վայրեր, այդ պատճառով ալ ամէնէն շատ կը տուժէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:...

Պայտըն Եւ Հարիս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով  Յայտարարութիւններ Կատարած Են

Պայտըն Եւ Հարիս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Յայտարարութիւններ Կատարած Են

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն դարձեալ յայտարարութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական տագնապի սրումին վերաբերալ: Պայտընի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ես խորապէս մտահոգ եմ 10 հոկտեմբերի զինադադարի համաձայնագիրի ձախողութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու անոր շուրջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումով: Անօդաչու թռչող սարքերը, հրասանդներն ու հեռահար հրետանին շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ հարիւրաւոր կեանքեր կը...

Պայրամով Չաւուշօղլուի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Պայրամով Չաւուշօղլուի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են ու քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անոնք միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:  

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը` նշելով, որ անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ: Կողմերը կարեւոր նկատած են մարդասիրական զինադադարի իրականացումը: Անոնք հանդէս եկած են քաղաքական հոլովոյթի աշխուժացման օգտին, մասնաւորաբար` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ...

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Իր Աջակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Իր Աջակցութիւնը

Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազրպէյճանին, եւ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ այդ աջակցութիւնը դադրեցնելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: «Մենք կը տեսնենք, որ Թուրքիան սկսած է աջակցութիւն ապահովելու Ազրպէյճանին: Մենք դիմած ենք միջազգային բոլոր խաղացողներուն այն հարցով, որ չմիջամտեն շրջանին մէջ...

Լաւրով. «Ռուսիան Համաձայն Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծման Արտօնելիութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Դիրքորոշման»

Լաւրով. «Ռուսիան Համաձայն Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծման Արտօնելիութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Դիրքորոշման»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ռուսական ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը համաձայն չէ Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ դիրքորոշումին, եւ տագնապին զինուորական լուծում մը անընդունելի է` աւելցնելով, որ Թուրքիան իր քայլերուն մէջ պէտք է «թափանցիկ» ըլլայ: «Մենք երբեք Թուրքիան նկատի չենք ունեցած իբրեւ մեր ռազմավարական դաշնակիցը: Ան սերտ գործընկեր է, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Պէտք Է Քննարկել Մինսքի Խմբակի Կազմին Եւ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

«Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններուն Անգարայի Մասնակցութիւնը Կործանիչ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններուն Անգարայի մասնակցութիւնը, հաշուի առնելով այդ երկրին աջակցութիւնը Պաքուի դիրքորոշումին, պիտի չնպաստէ հարցի խաղաղ լուծման, այլ ընդհակառակն` Թուրքիան կրնայ սրել իրավիճակը: «Իմ կարծիքովս` այս ձեւաչափը կործանիչ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման հեռանկարներուն համար: Ի տարբերութիւն Մոսկուայի եւ...

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթին Մասնակցելու Ձգտումը

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթին Մասնակցելու Ձգտումը

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Հայաստանը, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կը զօրակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լուծման շուրջ բանակցային ձեւաչափի պահպանման: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Մոսկուայի մէջ, նախ եւ առաջ, կը հիմնուին անոր վրայ, որ երեք երկիրներու (Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին երեք կողմերն ալ...

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Պատերազմէն Ետք Աշխարհը Պիտի Փոխուի»

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Պատերազմէն Ետք Աշխարհը Պիտի Փոխուի»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական «Հապեր Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ո՛չ միայն շրջանը, այլ նաեւ աշխարհը պիտի փոխուի: Արդէն կը փոխուի: Բոլորը տեսան մեր ուժը, մեզի հետ աւելի բարձր մակարդակով հաշուի պիտի նստին: Շրջանային հարցերուն մէջ ալ Ազրպէյճանի դերը պիտի բարձրանայ: Թուրք-ազրպէյճանական միութիւնն ալ աւելի պիտի ամրապնդուի, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի...

«Իրան Պատրաստ Է Ծոցի Երկիրներուն Հետ  Երկկողմանի Որեւէ Համաձայնութիւն Կնքելու»  Կ՛ըսէ Ռապիհի

«Իրան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապին Լուծման Ու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Բնակիչներու Մահերը Կանխարգիլելու Ուղղուած Որեւէ Քայլ» Կ՛ըսէ Ռապի

Իրանը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ բնակիչներու մահերը կանխարգիլելու ուղղուած որեւէ քայլ: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ իրանեան «Թասնիմ»-ին այս մասին յայտնած է Իրանի վարչակազմի ներկայացուցիչ Ալի Ռապին: «Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, մենք կ՛ողջունենք որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ դադրեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը, զինադադարի դրութիւն հաստատել եւ կանխարգիլել մարդկային զոհերը», նշած է ան:...

«Ղարաբաղի Հարցը Չի Կրնար Սպասել,  Անիկա Չի Կրնար Դրուիլ Ետեւի Դարակներուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Զաթուլին

«Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Առաջարկը Բնական Է» Կ՛ըսէ Զաթուլին

Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին բնական կը նկատէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի ռուս զինուորական դէտեր տեղակայելու առաջարկը: Լաւրով «Սփութնիք» եւ այլ ձայնասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ Ղարաբաղի մէջ պէտք է ռուս դէտեր ըլլան, սակայն վերջին խօսքը տագնապի կողմերուն է: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ռուս խաղաղապահներ մտցնելու...

Ռուսիա Հաւանական Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Կացութեան Շուրջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Դէմ Առ Դէմ Հաղորդակցութիւնները

Ռուսիա Հաւանական Կը Նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի Կացութեան Շուրջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Դէմ Առ Դէմ Հաղորդակցութիւնները

Ռուսիան հաւանական կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուրջ դէմ առ դէմ հաղորդակցութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերը պիտի շարունակուին: Շատ հաւանական են շրջանին մէջ տիրող կացութենէն կախեալ դէմ առ դէմ հաղորդակցութիւները, ընդ որում` (Միացեալ Նահանգներու նախագահական) ընտրութենէն առաջ», ըսած է ան:...

Շոյկու Ռուսական Օդանաւի Վար Առնուելէն Ետք  Կապ Հաստատած Է Ֆրանսայի  Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Շոյկու Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Հետեւելու Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերող Մոսկուայի Համաձայնագիրին

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին կոչ ուղղած է ամբողջ ծաւալով կատարել Մոսկուայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնագիրի պարտաւորութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Համաձայն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, Շոյկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու ղեկավարներուն հետ:...

Լաւրով Եւ Պայրամով Հաւաստած Են Մոսկուայի Յայտարարութեան Կատարման Անհրաժեշտութիւնը

Լաւրով Եւ Պայրամով Հաւաստած Են Մոսկուայի Յայտարարութեան Կատարման Անհրաժեշտութիւնը

Ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած բարդ կացութիւնը: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, հաղորդած է, որ կողմերը հաւաստած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու 10 հոկտեմբերի յայտարարութեան կէտերու անվերապահ...

Ֆրանսացի Երեսփոխանը Կը Պատրաստուի Այսօր Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ Ներկայացնելու Երկրի Խորհրդարան

Ֆրանսացի Երեսփոխանը Կը Պատրաստուի Այսօր Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Մասին Բանաձեւ Ներկայացնելու Երկրի Խորհրդարան

Ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Փուփոնի իր թուիթըրեան էջին վրայ յայտնած է, որ կը պատրաստուի այսօր խորհրդարան ներկայացնել Արցախի անկախութեան ճանաչման մասին բանաձեւ` ստորագրուած քանի մը երեսփոխաններու կողմէ: «Իբրեւ երեսփոխան կը շարունակեմ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: Վաղը իբրեւ առաջին ստորագրող, քանի մը երեսփոխաններու ստորագրութիւն ունեցող բանաձեւ պիտի ներկայացնեմ խորհրդարան, որպէսզի թեր քուէարկէ Արցախի ճանաչման եւ հայերու` իրենց հողին վրայ ապրելու իրաւունքին», գրած է...

Սուրիայէն Վարձկաններու Նոր Խումբ Մը Կը Պատրաստուի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտի Մեկնելու

Սուրիայէն Վարձկաններու Նոր Խումբ Մը Կը Պատրաստուի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտի Մեկնելու

Սուրիայէն վարձկաններու նոր խումբ մը կը պատրաստուի Թուրքիոյ ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի մեկնելու: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով սուրիական ընդդիմութեան մէջ իր աղբիւրները: Զինեալներու թիւի եւ մեկնումի ժամկէտի մասին տեղեկութիւն չկայ: Աղբիւրներուն համաձայն այնտեղ տեղափոխուած զինեալները արդէն իսկ մեծ կորուստներ կը կրեն. վերջին օրերուն Թուրքիա տեղափոխուած է 18 վիրաւոր եւ 7 դիակ: Աղբիւրները նոյն ատեն...

ԵԱՀԿ-Ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Անյապաղ Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Եւ Զինադադարի Ստուգման Մեքանիզմին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու

ԵԱՀԿ-Ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Անյապաղ Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Եւ Զինադադարի Ստուգման Մեքանիզմին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ մարդասիրական զինադադար հաստատելու: Այս մասին նշուած է համանախագահներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Համանախագահները մտահոգութեամբ կ՛արձանագրեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շարունակուող բռնութիւնը: Համանախագահները Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու 10 հոկտեմբերի...

Page 417 of 883 1 … 416 417 418 … 883

Արխիւներ