Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Եւ Հարիս Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Յայտարարութիւններ Կատարած Են

October 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն դարձեալ յայտարարութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական տագնապի սրումին վերաբերալ:

Պայտընի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ես խորապէս մտահոգ եմ 10 հոկտեմբերի զինադադարի համաձայնագիրի ձախողութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու անոր շուրջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումով: Անօդաչու թռչող սարքերը, հրասանդներն ու հեռահար հրետանին շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ հարիւրաւոր կեանքեր կը խլեն` տեղահանելով հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ:

«Անբացատրելիօրէն, այս վերջին մագլցումի ամբողջ ընթացքին Թրամփի վարչակազմը զգալիօրէն կրաւորական էր եւ չներգրաւուած: 27 սեպտեմբերին զինուորական գործողութիւններուն սկսելէն ի վեր ո՛չ նախագահ Թրամփը, ո՛չ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն ոչ մէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ շրջանին մէջ կացութիւնը բռնկած է: Մոսկուայի դիւանագիտութիւնը պատուիրակելու փոխարէն վարչակազմը պէտք է առաւել գործօն մասնակցութիւն ունենայ բարձրագոյն մակարդակով` աշխատելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ մարտական գործողութիւններու մեղմացման եւ երկու կողմերու` բանակցութիւններուն վերադառնալու ուղղութեամբ», նշուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թրամփի վարչակազմը պէտք է Ազրպէյճանին յայտնէ, որ պիտի չհանդուրժէ այդ տագնապին զինուորական լուծում պարտադրելու անոր փորձերը:

«Ի վերջոյ, ան պէտք է դադրեցնէ սիրաշահիլ Անգարան եւ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Իրանին յայտնէ, որ անոնք հեռու մնան այդ տագնապէն: Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք տրամադրելն ու զինուորական լուծումը խրախուսող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անպատասխանատու են: Դիւրին պիտի չըլլայ հասնիլ դիւանագիտական լուծման, սակայն Թրամփի վարչակազմը պարտաւոր է փորձել: Այդ ուղղութեամբ հրատապ քայլերու պէտք է ձեռնարկել, նախքան աւելի շատ մարդկային կեանքերու կորուստը եւ տագնապի ընդլայնումը», նշուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

Դեմոկրատական կուսակցութենէն փոխնախագահի թեկնածու Քամալա Հարիսի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ես խիստ մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող յարձակումին մասին հաղորդագրութիւններով: Սիրտս այն մարդոց հետ է, որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները: Այս տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ: Թրամփի վարչակազմը պէտք է աւելին ընէ զինադադարի հասնելու, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը դադրեցնելու, դէտեր տեղակայելու եւ երկարաժամկէտ դիւանագիտական լուծման շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու համար: Կեանքերը փրկելու համար անհրաժեշտ են անյապաղ գործողութիւններ»:

 

Նախորդը

Հայոց Բանակի Զօրքերը Հերոսական Դիմադրութիւն Ցոյց Կու Տան Ռազմաճակատի Բոլոր Հարուածներուն Մէջ

Յաջորդը

Պելճիքայի Ֆլամանական Խորհրդարանը Որդեգրած Է Արցախի Դէմ Պատերազմական Գործողութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.