Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Պատերազմէն Ետք Աշխարհը Պիտի Փոխուի»

October 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական «Հապեր Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ո՛չ միայն շրջանը, այլ նաեւ աշխարհը պիտի փոխուի: Արդէն կը փոխուի: Բոլորը տեսան մեր ուժը, մեզի հետ աւելի բարձր մակարդակով հաշուի պիտի նստին: Շրջանային հարցերուն մէջ ալ Ազրպէյճանի դերը պիտի բարձրանայ: Թուրք-ազրպէյճանական միութիւնն ալ աւելի պիտի ամրապնդուի, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար»: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը` յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ին:

Խօսելով Արցախի անկախութեան հաւանական ճանաչման մասին` Ալիեւ ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու Հայաստանի ջանքերը անտեղի են եւ վնասակար նախ եւ առաջ իրենց համար: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչցուած է ամբողջ աշխարհին կողմէ, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները: Չեմ հաւատար, որ որեւէ երկիր պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը, որովհետեւ ատկէ ընդամէնը մէկ ժամ ետք մենք պիտի խզենք այդ երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Հայաստանի այս ջանքերը նախատեսուած են միայն ներքին լսարանին համար»:

Ինչ կը վերաբերի տագնապի գօտի խաղաղապահներու տեղակայման հարցին,  Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերու գոյութիւնը կարելի է միայն երկու երկիրներուն համաձայնութեամբ: Եթէ երկիրներէն որեւէ մէկը վեթօ դնէ ատոր վրայ, ապա, բնականաբար, խաղաղապահներ չեն ըլլար: Երբ մարդիկ կը խօսին խաղաղապահներու մասին, նկատի ունին Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքը: Առանց մեր համաձայնութեան ոչ մէկ երկիր կրնայ խաղաղապահներ ուղարկել մեր տարածք:

«Հիմնական սկզբունքներուն մէջ խաղաղապահներու ներկայութիւնը վերջին կէտն է: Նախ եւ առաջ պէտք է տարածքները վերադարձուին Ազրպէյճանին, արտագաղթածները պէտք է վերադառնան իրենց հողերը, սահմանները բացուին, առեւտուր հաստատուի եւ միայն ատկէ ետք չի բացառուիր խաղաղապահներու ժամանումը»:

Խօսելով Ազրպէյճանի կողքին կռուող վարձկաններու գոյութեան մասին` Ալիեւ յայտնած է. «Մեզի չէ ներկայացուած ազրպէյճանական բանակին մէջ օտարերկրեայ վարձկաններու ներկայութեան գոնէ մէկ ապացոյց: Յայտարարութիւններ եղած են ֆրանսական եւ ռուսական կողմերէն, սակայն ատկէ ոչ աւելին, ոչ մէկ մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրուած է: Մեր հետախուզական ծառայութիւնները կապ հաստատած էին այդ երկիրներուն հետ` ապացոյցներ ստանալու համար, սակայն անոնք ոչինչ ներկայացուցին: Պէտք է ապացոյցներ ներկայացնել, կամ ալ ձեր խօսքերը ետ վերցուցէք»:

 

Նախորդը

«Իրան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապին Լուծման Ու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղ Բնակիչներու Մահերը Կանխարգիլելու Ուղղուած Որեւէ Քայլ» Կ՛ըսէ Ռապի

Յաջորդը

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթին Մասնակցելու Ձգտումը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.