Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազրպէյճանին, եւ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ այդ աջակցութիւնը դադրեցնելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ:
«Մենք կը տեսնենք, որ Թուրքիան սկսած է աջակցութիւն ապահովելու Ազրպէյճանին: Մենք դիմած ենք միջազգային բոլոր խաղացողներուն այն հարցով, որ չմիջամտեն շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին», ըսած է Փոմփէօ: