Նշելով, Որ Վարձկաններու Մասին Իր Հարցադրումը Ցարդ Անտեսուած Է. «Թուրք Ժողովուրդն Է, Որ Կը Վճարէ Կառավարութեան Վարած Թշնամական Քաղաքականութեան Գինը» Յայտնեց Թուրք Երեսփոխան Սերբիլ Քեմալպէյ
«Թուրք ժողովուրդն է, որ կը վճարէ թրքական կառավարութեան թշնամական քաղաքականութեան գինը», յայտարարեց թուրք ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Սերբիլ Քեմալպէյ` նշելով, որ իր անդամակցած կուսակցութիւնը դէմ է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի վարած ռազմատենչ քաղաքականութեան: Ան յայտնեց, թէ ցարդ պատասխան չէ ստացած արտաքին գործոց նախարար Մաւլուտ Չաւուշօղլուի յղած իր խորհրդարանական հարցադրումին, որով յստակացում պահանջեց հայերու դէմ Պաքուի կողքին կռուելու...




















