Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ռուսիան Համաձայն Չէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծման Արտօնելիութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Դիրքորոշման»

Հոկտեմբեր 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ռուսական ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը համաձայն չէ Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ դիրքորոշումին, եւ տագնապին զինուորական լուծում մը անընդունելի է` աւելցնելով, որ Թուրքիան իր քայլերուն մէջ պէտք է «թափանցիկ» ըլլայ:

«Մենք երբեք Թուրքիան նկատի չենք ունեցած իբրեւ մեր ռազմավարական դաշնակիցը: Ան սերտ գործընկեր է, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ այդ գործընկերութիւնը ռազմավարական բնոյթ ունի», ըսաւ Լաւրով:

«Մենք համաձայն չենք Թուրքիոյ կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումին, որ նաեւ քանի մը անգամ հնչեց նախագահ Ալիեւի կողմէ», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով.«Գաղտնիք չէ, թէ մենք համաձայն չենք յայտարարութեան մը, թէ տագնապի զինուորական լուծում մը արտօնելի է: Մոսկուան կ՛աջակցի այն տեսակէտին, թէ Ղարաբաղի մէջ տագնապի միայն խաղաղ լուծում մը կարելի է»:

«Անշուշտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծումը կարելի է: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ պատրաստուած եւ տակաւին պատրաստուող առաջարկներ բանակցութեան սեղանին վրայ են, եւ անոնց բովանդակութիւնը յայտնի է», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Ատիկա քայլ առ քայլ ազատում մըն է Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու` յարգելով Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքները, նախքան անոր վերջնական կարգավիճակի ճշդումը», աւելցուց Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ վերջին շրջանին քննարկուած եւ կողմերէն լրջօրէն ընկալուած բոլոր համաձայնութիւնները, առաջին փուլին կ՛ենթադրեն 5 շրջաններու ազատում` 2 շրջան ձգելով երկրորդ փուլի համար, ինչպէս նաեւ 2-րդ փուլին ձգելով Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը:

«Առաջին փուլին, բացի երկու շրջաններու ազատումէն, պիտի արգելակուէին բոլոր հաղորդակցութիւնները, տնտեսական կապերը, փոխադրամիջոցային կապերը, եւ խաղաղապահները պիտի տեղակայուին` զինուորական գործողութիւններու չվերսկսիլը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Լաւրով` սակայն նոյն ատեն ընդգծեց, որ զինադադարի  ստուգման մեքանիզմը խաղաղապահ առաքելութեան հետ կապ չունի, մեքանիզմը պէտք է գործէ շփման գիծին վրայ, ատիկա 5 շրջանները չեն, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկներուն համաձայն, պէտք է տրուին առաջին փուլին մէջ:

«Հիմա նոյնիսկ ոչ թէ խաղաղապահները, այլ զինուորական դէտերը կրնային ապահովել կրակոցի դադրեցման պահպանումը: Անոնց տեղակայումը բաւարար պիտի ըլլար: Մենք կը գտնենք, որ ատիկա միանգամայն ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ մեր զինուորական դէտերը ըլլային, սակայն վերջնական խօսքը կողմերունն է: Անկասկած, մենք կը մեկնինք անկէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ հաշուի պիտի առնեն մեր ռազմավարական եւ գործընկերային յարաբերութիւնները», ըսած է Լաւրով:

«Ճիշդ պիտի ըլլայ ռուս զինուորական դէտեր տեղադրել Արցախի մէջ շփման գիծին վրայ, սակայն Պաքուին ու Երեւանին կը մնայ ատիկա որոշել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ իր եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ մարդասիրական զինադադար կնքելու շուրջ կնքուած համաձայնագիրին` Լաւրով ընդգծեց, որ անոնք բացառիկ բանակցութիւններ էին:

«Կ՛ընդգծեմ, որ վճռորոշ պահուն իր ներդրումը ունեցած է նախագահը, որովհետեւ ան կը վերահսկէր մեր գիշերային քննարկումներուն», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` մանրամասնելով, որ բանակցութիւններու գիշերը երկու անգամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Լաւրովի համաձայն, բանակցային հոլովոյթէն անմասն չէ մնացած նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, որովհետեւ կարեւոր էր փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացնել, որ զինադադարը ինքնին բաւարար չէ, եթէ չըլլան կրակոցի դադրեցման վերահսկման մեքանիզմներ:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններուն Անգարայի Մասնակցութիւնը Կործանիչ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Իր Աջակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?