Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

October 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը` նշելով, որ անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Կողմերը կարեւոր նկատած են մարդասիրական զինադադարի իրականացումը: Անոնք հանդէս եկած են քաղաքական հոլովոյթի աշխուժացման օգտին, մասնաւորաբար` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ մշակուած սկզբունքներուն շուրջ:

«Ընդգծուած է արիւնահեղութիւնը շուտափոյթ դադրեցնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման անցնելու նպատակով ջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Յոյս յայտնուած է, որ Թուրքիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, կառուցողական ներդրում պիտի ունենայ տագնապի լարուածութեան մեղմացման գործին մէջ», նշուած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Փութին Էրտողանին իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապին Միջին Արեւելքէն զինեալներու մասնակցութեան կապակցութեամբ:

Սուրիական եւ լիպիական խնդիրներուն շուրջ կարծիքներ փոխանակելու ժամանակ նշուած է այդ ուղղութիւններով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համակարգման արդիւնաւէտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ կացութեան կայունացման ու քաղաքական-դիւանագիտական ուղիի յառաջխաղացման:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին յայտնեց, որ Էրտողան Փութինին յայտնած է, թէ Անգարա Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մնայուն լուծում մը կ՛ուզէ:

Թուրքիոյ նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Էրտողան Փութինին յայտնած է, թէ Հայաստան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի «իր 30-ամեայ բռնագրաւումը» մնայունի վերածել:

Երկու ղեկավարները վերահաստատած են Մոսկուայի միջնորդութեամբ տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Իր Աջակցութիւնը

Յաջորդը

Պայրամով Չաւուշօղլուի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.