Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթին Մասնակցելու Ձգտումը

October 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Հայաստանը, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կը զօրակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լուծման շուրջ բանակցային ձեւաչափի պահպանման: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Մոսկուայի մէջ, նախ եւ առաջ, կը հիմնուին անոր վրայ, որ երեք երկիրներու (Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին երեք կողմերն ալ հաստատած են բանակցային ձեւաչափի անփոփոխութեան սկզբունքը», ընդգծած է Քրեմլինի բանբերը` պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն` բանակցային ձեւաչափի մէջ Թուրքիան եւս ներգրաւելու մասին առաջարկը մեկնաբանելու խնդրանքին:

«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Փեսքով յայտնած է, թէ ռուս զինուորները կը ստուգեն Ազրպէյճանի կողմէ ուղղակի Հայաստանի տարածքին հարուածներ հասցնելու մասին տեղեկութիւնը:

«Մեր զինուորական գերատեսչութիւնը կը ստուգէ այդ տեղեկութիւնը, անոնք մնայուն կապի մէջ են երկու կողմերու իրենց գործընկերներուն հետ: Դուք գիտէք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է երկու կողմերու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Այդ տեղեկութիւնը կը ստուգուի եւ կը վերլուծուի», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ տեղեկութեան հաստատուելուն պարագային, արդեօք ուժի մէջ պիտի մտնե՞ն ՀԱՊԿ-ի որոշ մեքանիզմներ, Փեսքով ընդգծած է, որ պէտք է սպասել արդիւնքներուն:

Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած էր այն մասին, որ 14 հոկտեմբերին ազրպէյճանական բանակը հարուածած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարող մարտական սպառազինութիւն:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Պատերազմէն Ետք Աշխարհը Պիտի Փոխուի»

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններուն Անգարայի Մասնակցութիւնը Կործանիչ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.