Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Կողմերը Կրնան Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Պէտք Է Հասարակութիւններ Ատոր Պատրաստեն, Ինչ Որ Զինուորական Գործողութիւններու Պայմաններուն Մէջ Բարդ Է» Կ՛ըսէ Քաւանօ

Հոկտեմբեր 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ կրնայ լուծուիլ միայն բանակցութիւններու ճամբով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է 1999-2001 թուականներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Քերի Քաւանօ:

«Զինուորական գործողութիւնները ոեւէ մէկուն շահերէն չեն բխիր: Տագնապին լուծումը կարելի է միայն բանակցութիւններու միջոցով, ատիկա բարդ ճամբայ է», ըսած է ան:

Քաւանոյի կարծիքով` կողմերը ի վերջոյ կրնան համաձայնութեան հասնիլ:

«Սակայն ատոր համար կողմերը պէտք է բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեն եւ իրենց հասարակական կարծիքը նախապատրաստեն նման որոշում ընդունելուն: Զինուորական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ ատոր հասնիլը շատ դժուար է», նշած է ամերիկացի դեսպանը:

Քաւանօ այն կարծիքը յայտնած է, որ տագնապի լուծման համար Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը, ինչպէս նախապէս, անհրաժեշտ են:

«Ես գիտեմ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին: Կը կարծեմ, թէ անոնք պիտի շարունակեն աշխատիլ այդ ձեւաչափով, իսկ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան ու Ֆրանսան պիտի նպաստեն այդ հոլովոյթին: Ի հարկէ, երբ տագնապին մասնակիցները վերադառնան բանակցութիւններու, պիտի կարենան այդ ձեւաչափին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու կարելիութիւնները քննարկել, սակայն ատոր համար նախ պէտք է զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել», նշած է Քաւանոն` շեշտելով, որ կողմերուն անհրաժեշտ է փոխադարձաբար ընդունելի փոխզիջումի կարելիութիւն ստեղծել:

«Դուք տեսաք, թէ որքա՛ն բարդ է կրակոցի դադրեցման վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերելը: Այժմ կողմերու դէմ առ դէմ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք պիտի չտան: Ներկայ պահուն որոշումներ կայացնելու հարցին մէջ կողմերուն միջնորդներ անհրաժեշտ են, սակայն կողմերը պէտք է դիմեն այդ հարցով միջնորդներուն` փոխզիջումի դիմելու պատրաստակամութիւն յայտնելով», նշած է դեսպանը:

Քաւանօ, անդրադառնալով տագնապի լուծման ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան, նշած է, որ վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներ համեմատաբար աւելի քիչ կը գործեն այս հարցին մէջ` միաժամանակ չբացառելով, որ 3 նոյեմբերին սպասուող նախագահական ընտրութենէն ետք Միացեալ Նահանգները, հաւանաբար, աւելի գործօն քաղաքականութիւն որդեգրեն այս ուղղութեամբ:

Նախորդը

Խախտելով Մարդասիրական Բոլոր Կանոնները` Ազրպէյճան Ռմբակոծեց Ստեփանակերտի «Մօր Ու Մանկան Առողջութեան Կեդրոն»-ը

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Հռետորաբանութիւնը Հետզհետէ Աւելի Ռազմատենչ Կը Դառնայ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?