Քանատան դարձեալ արտաքին կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն:
Ան նախ տեղեկացուցած է, որ խօսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ` նշելով նաեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ անգամ մը եւս հրադադարի համաձայնութեան մասին:
«Մենք կը շարունակենք արտաքին կողմերուն կոչ ուղղել` չմիջամտելու տագնապին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի կողմէն ստուգման մեքանիզմներ ստեղծելու», նշած է Շամփայն: