Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսին Ներկայացուած Են Բանաձեւեր

October 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մենենտես

 Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտես Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զէնքի վաճառքը արգիլելու վերաբերեալ բանաձեւեր ներկայացուց Ծերակոյտին:

«Հայ ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի կատարած ընթացիկ նախայարձակումը, որ կ՛ուղեկցուի Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ, արդէն իսկ ցաւոտ հետեւանքներ ունեցած է քաղաքային բնակչութեան շրջանակին մէջ եւ յանգեցուցած մարդու իրաւունքներու ոտնահարման: Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար շարունակել զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերել ու սպառազինութիւն վաճառել Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, այնքան ատեն որ անոնք շրջանին մէջ կը շարունակեն հեռանալ խաղաղութենէն», յայտարարեց Մենենտես:

Ըստ ծերակուտականին, Թուրքիոյ գործադրած բռնութիւնը կը տարածուի Հարաւային Կովկասէն անդին` մինչեւ Սուրիա, Իրաք եւ Լիպիա, եւ թէ՛ Էրտողանը, թէ՛ Ալիեւը իրենց ժողովուրդները բռնութեան ենթարկած են:

«Այս բանաձեւը նպատակ ունի կանխարգիլել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներն ու ճամբայ կը հարթէ, որպէսզի դադրեցուի երկու երկիրներու սպառազինումը, որմէ կ՛օգտուին անոնց զինեալ ուժերը խաղաղ բնակչութիւնը հարուածելու համար», յայտարարեց ծերակուտականը:

Փալոն

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայաստանի հարցով խմբակի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Ներկայացուցիչներու տան` երկու կուսակցութիւնները ներկայացնող 30 անդամի հետ շրջանառութեան մէջ դրաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը կը ներկայացնէ իբրեւ կովկասեան շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու միջոց:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ընթացող յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն վրայ, կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու զինուորական օգնութեան տրամադրումը Ազրպէյճանին, կը յորդորէ, որ Արցախը դառնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ ընթացող բանակցութիւններու ուղղակի մասնակից եւ, ընդհանուր առմամբ, կոչ կ՛ուղղէ նաեւ թուլացնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանափակումները:

«Շատ կարեւոր է, որ Ներկայացուցիչներու տունը Արցախի եւ անոր ժողովուրդի անկախ ապրելու նպատակին սատարելու յստակ ուղերձով հանդէս գայ, յատկապէս Մայք Փոմփէոյի հետ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու կարեւոր հանդիպումներու նախօրեակին: Որովհետեւ այս արիւնալի տագնապը կը շարունակուի, ժամանակն է վերջապէս ճանչնալու Արցախի` անկախ ապրելու օրինական պահանջը եւ պաշտօնապէս ճանչնալ այդ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը», յայտարարեց բանաձեւի հեղինակ, հանրապետական քոնկրեսական Փալոն:

Շըրմըն

Միացեալ Նահանգներ պէտք է հետեւեալ ուղերձը յղեն` եթէ Ազրպէյճան շարունակէ յարձակումը, ապա մենք պատրաստ պիտի ըլլանք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ անկախ պետութիւն: Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն` անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը արգիլելու վերաբերալ բանաձեւերու ներկայացման:

«Արդէն չորս շաբաթ է` Ազրպէյճան խախտած է մարդասիրական զինադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ կը շարունակէ խտրականութիւնը` թիրախաւորելով արցախահայութիւնը:

«Ազրպէյճանէն հնչող ուղերձը շատ պարզ է` բռնութիւն, եւ ոչ թէ բանակցութիւններ. այս է պատասխանը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է այլ ուղերձ յղեն. եթէ յարձակումը շարունակուի, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ անկախ պետութիւն», գրած է Շըրմըն:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Կարեւոր Նկատած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիէն Ահաբեկիչներու Անյապաղ Դուրս Բերումը

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Լը Տըրիան Քննարկեցին Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Իրավիճակը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.