Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգելով Հայաստանի Նախագահի Նամակին` Պահրէյն Կոչ Ուղղած Է Միաւորելու Հրադադար Հաստատելու Միջազգային Ջանքերը

October 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի թագաւոր շէյխ Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆան արձագանգած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ իրեն յղուած նամակին: Նախագահ Սարգսեան 30 սեպտեմբերին նամակներ յղած էր Պահրէյնի թագաւորութեան թագաւորին եւ արաբական շարք մը երկիրներու ղեկավարներու` տեղեկացնելով Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն մասին, եւ նշած միջազգային հարթակներու մէջ անոնց ունեցած կապերու եւ հեղինակութեան օգտագործման կարեւորութիւնը` դադրեցնելու արիւնահեղութիւնն ու մարդկային տառապանքները:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Պահրէյնի թագաւորի պատասխան նամակին մէջ նշուած է.

«Երախտագիտութիւն կը յայտնենք, որ կոչ ուղղեցիք մեզի առաւելագոյն ճիգեր գործադրելու եւ միանալու միջազգային հանրութեան ջանքերուն` հրադադար սահմանելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու համար: Կը կիսենք նաեւ այն մտավախութիւնը, որ այդ ցաւալի տագնապը կրնայ  վերածուիլ աւերիչ երկարաժամկէտ պատերազմի այս կարեւոր եւ զգայուն տարածաշրջանին մէջ, որուն զոհ պիտի երթան քաղաքացիական անձեր, եւ սպառնալիք պիտի ստեղծուի ամբողջ միջազգային անվտանգութեան համար:

Մենք կը կիսենք ձեր կարծիքը, որ այս տագնապը չունի ռազմական լուծում, եւ բանակցութիւններն ու քաղաքական կարգաւորումը աւելի  ընդունելի են` հասնելու միացեալ փոխըմբռնումի, կանխելու կորուստները, ինչպէս նաեւ խուսափելու մարդկային աղէտէ»:

Թագաւորը նշած է, որ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը միացնէ ջանքերը Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան հետ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրներուն անունով հրապարակած է յայտարարութիւն` կարեւոր նկատելով հրադադարի շուտափոյթ հաստատումը եւ կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, որ ստանձնէ միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման իր պարտաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Իրանի Բանակի Հրամանատար. «Իրանը Խստագոյնս Պիտի Պատժէ Հաւատադրժողական Ահաբեկիչները Իր Սահմաններուն Մօտ»

Յաջորդը

Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Կ’ունենայ Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն  Նոր Պատգամ
Միջազգային

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

January 15, 2026
Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան  Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն  Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը
Միջազգային

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

January 15, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.