Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Ոչ Մէկ Կասկած Ունիմ, Որ Պատերազմը Սկսած Է Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ» Կ՛ըսէ Քազիմիրով

October 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ես ոչ մէկ կասկած ունիմ, որ պատերազմը սկսած է Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ: Անիմաստ է մտածել, որ հայերուն յանկարծ պէտք եղած է որեւէ բարձունք կամ տարածք գրաւել Ազրպէյճանէն: Աւելի՛ն, այս պատերազմը պէտք էր ինքնին Իլհամ Ալիեւին, որպէսզի իր ժողովուրդին ըսելիք ունենար` ցանկալով ապացուցել, թէ կրնայ ուժով վերցնել այն տարածքները, որոնք 90-ականներուն զիջած էին», հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով` խօսելով Արցախի մէջ 27 սեպտեմբերին սկսած պատերազմին մասին:

Աւելի՛ն, ան ըսած է, որ զինադադարի մասին համաձայնագիրի առաջին տարբերակը, որ նոյնինք ինք պատրաստած է, ստորագրուած է Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ: Հետագային այդ համաձայնագիրին միացած է նաեւ Հայաստանը:

«Պէտք է նախկինին պէս յենիլ այն համաձայնագիրին վրայ, որ ստորագրուած էր Հայտար Ալիեւի հետ: Վերջինս մէկ անգամէ աւելի ինծի ինքնին Պաքուի մէջ ըսած եւ խնդրած է, որ պատրաստ է ստորագրելու համաձայնագիրը: Նախկին նախարար Մամետովը ստորագրեց, եւ քիչերը գիտեն, որ այդ ժամանակուան համաձայնագիրը սկիզբը ստորագրուած եղած է ոչ թէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի, այլ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Միայն յետոյ Հայաստանը միացաւ այդ համաձայնագիրին, իսկ սկիզբը Ազրպէյճանը ստիպուած եղաւ զայն ստորագրել Լեռնային Ղարաբաղի հետ», նշեց ան:

Իբրեւ ապացոյց Քազիմիրով առաջարկեց նայիլ 12 մայիս 1994 թուականի փաստաթուղթը, ուր կարելի է յստակօրէն տեսնել` ձախ կողմը եղած է Ազրպէյճանի ստորագրութիւնը, իսկ աջ կողմը` Լեռնային Ղարաբաղի ստորագրութիւնը, եւ միայն յետոյ փաստաթուղթին մէջտեղը դրուած է Հայաստանի ստորագրութիւնը:

Խօսքը 1994-ի մայիսին հաստատուած զինադադարի մասին է, որմէ ետք` 27 յուլիսին ստորագրուեցաւ զինադադարի հաստատման յաւելեալ եռակողմ համաձայնագիր մը, այս անգամ արդէն` նաեւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ միջնորդական առաքելութեան նախկին ղեկավար Վլատիմիր Քազիմիրով նաեւ կը նկատէ, որ 1994 թուականի մայիսի սկիզբին ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը շահագրգռուած էր զինադադարով:

Անոր համաձայն, նախապէս Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կա՛մ ցանկութիւն չէր յայտներ, կա՛մ նախապայմաններ կը դնէր` երբեմն ակնյայտ անիրատեսական, կա՛մ կը խզէր համաձայնութիւնները, սակայն այս անգամ այդ ցանկութիւնը աւելի հաստատակամ արտայայտուեցաւ, այդ ալ բարձրագոյն մակարդակով:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Հռետորաբանութիւնը Հետզհետէ Աւելի Ռազմատենչ Կը Դառնայ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը

Յաջորդը

Փուշքով Նշած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զարգացման Հաւանական Դիպաշարերը

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.