Միջազգային

Դանիոյ Վարչապետը Այցելած Է Կրինլանտ`  Տեղւոյն Բնակիչներուն Աջակցութիւն  Յայտնելու Համար

Դանիոյ Վարչապետը Այցելած Է Կրինլանտ` Տեղւոյն Բնակիչներուն Աջակցութիւն Յայտնելու Համար

Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն այցելած է Կրինլանտի մայրաքաղաք Նուուք` բանակցութիւններ վարելու տարածքի ղեկավար Ենս-Ֆրետերիք Նիլսենի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Եուրոնիուզ»-ը: Ֆրետերիքսեն Նուուք հասած է Պրիւքսելէն, ուր մասնակցած էր Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին եւ հանդիպած ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ: Նուուքի օդակայան էջք կատարելէ ետք Ֆրետերիքսենին դիմաւորած է Կրինլանտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսեն: Վերջինս յայտնած է, որ Կրինլանտը...

Արաղչի Կը Հակադարձէ Զելենսքիին

Արաղչի Կը Հակադարձէ Զելենսքիին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով հակադարձեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին, որ Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր` Իրանի վրայ յարձակում գործելու` շեշտելով. «Իրանի ժողովուրդը «շատ լաւ գիտէ» ինչպէս ինքզինք պաշտպանել, եւ կարիքը չունի օտարներէն օգնութիւն մուրալու»: Արաղչի նշեց, որ Զելենսքի «ամերիկացի եւ եւրոպացի հարկատուները մաշեցման կ՛ենթարկէ իր փտած զօրավարներուն գրպանները լեցնելու համար, եւ դիմակայելու համար այն, ինչ...

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի,  Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք,  Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի, Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք, Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայական նաւատորմիղ մը Իրան կ՛ուղղուի: «Մօտէն կը հետեւինք Իրանին, եւ առ ի զգուշացում բազմաթիւ մարտանաւեր ունինք, որ այդտեղ կ՛ուղղուին», ըսաւ ան: «Զայն պիտի հարուածենք, եթէ որեւէ մահապատիժ գործադրէ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Իրան պէտք էր հիւլէական կառոյցները հարուածելնէս առաջ համաձայնութիւն գոյացնէր: Եթէ փորձէ իր հիւլէական կառոյցները վերականգնել, զայն դարձեալ պիտի հարուածենք», ընդգծեց Թրամփ:...

Ուշաքով. «Թրամփի Պատուիրակներուն Հետ Փութինի  Բանակցութիւնները Շինիչ Ու Չափազանց Անկեղծ Էին»

Ուշաքով. «Թրամփի Պատուիրակներուն Հետ Փութինի Բանակցութիւնները Շինիչ Ու Չափազանց Անկեղծ Էին»

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների, եւ Ամերիկեան պետական ծառայութիւններու վարչութեան դաշնակցային գնումներու ծառայութեան յանձնակատար Ճոշ Կրունպաումի հետ բանակցութիւնները «շինիչ եւ չափազանց անկեղծ էին»: Ուշաքով ժողովէն ետք աւելցուց, որ ժողովի մասնակիցները ընդգծած են, որ երկարատեւ կարգաւորման համաձայնութիւն կարելի չէ կնքել, առանց շրջանային խնդիրի լուծման: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր...

Քոսթա. «Եւրոպական Միութիւնը Թրամփի  Հիմնած Խաղաղութեան Խորհուրդին  Նկատմամբ Լուրջ Կասկածներ Ունի»

Քոսթա. «Եւրոպական Միութիւնը Թրամփի Հիմնած Խաղաղութեան Խորհուրդին Նկատմամբ Լուրջ Կասկածներ Ունի»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա յայտարարեց, թէ եւրոպացի ղեկավարները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդի աշխատանքի ծիրին նկատմամբ լուրջ կասկածներ ունին, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած են Միացեալ Նահանգներու եւ Կազայի մէջ նոր խորհուրդին հետ գործակցելու: Քոսթա Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան Եւրոպական-ամերիկեան յարաբերութիւններու քննարկման յատկացուած վեհաժողովէն ետք յայտնեց. «Լուրջ կասկածներ ունինք Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան տարրերու նկատմամբ, որոնք կը վերաբերին անոր...

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու շարք մը միջազգային ղեկավարներ երէկ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին ստորագրեցին Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը: Խորհուրդի նախագահ Թրամփ տասնեակներով միջազգային այլ ղեկավարներ հրաւիրեց իրեն միանալու եւ նշեց, որ իր կարծիքով` այս խորհուրդը միջազգային մարտահրաւէրներ պիտի կարգաւորէ: Թրամփ ըսաւ, որ Իրան երկխօսութիւն կ՛ուզէ, եւ իր երկիրը անոր հետ...

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթեմ Ումերով յայտարարած է, թէ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպում մը. քննարկուած են անվտանգութեան երաշխիքները: «Տաւոսի մէջ կ՛աշխատինք: Առանձին հանդիպում տեղի ունեցած է ամերիկացի գործընկերներու` Ճարետ Քուշների եւ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ: Հիմնական նիւթերը եղած են տնտեսական զարգացումը, պատերազմէն ետք...

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Ռաֆահի անցակէտը պիտի բացուի, եւ Իսրայէլ մօտ օրէն այդ առնչութեամբ որոշում մը պիտի տայ: Հաքըպի նաեւ նախատեսեց, որ Խաղաղութեան խորհուրդին միացած պետութիւնները մասնակցին Կազայի վերաշինութեան: Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, պատասխանելով Իրանի վրայ յարձակումի մը շղթայազերծման կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, նշեց. «Բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են, եւ...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Նախիջեւանի Մէջ  Երկաթուղիի Վերականգնման Աջակցելու»

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Նախիջեւանի Մէջ Երկաթուղիի Վերականգնման Աջակցելու»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տաւոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ եւ Քոս հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման վերաբերեալ հարցեր: Անդրադարձած են նաեւ ուժանիւթի, շրջանային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու, ականազերծման եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: Մարթա Քոս նշած...

ՕԹԱՆ. «Դանիան, Կրինլանտն Ու Միացեալ Նահանգները  Ռուսիոյ Եւ Չինաստանին Կղզիին Վրայ Յենարան  Ունենալը Արգիլելու Շուրջ Բանակցութիւններ Պիտի Վարեն»

ՕԹԱՆ. «Դանիան, Կրինլանտն Ու Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ Եւ Չինաստանին Կղզիին Վրայ Յենարան Ունենալը Արգիլելու Շուրջ Բանակցութիւններ Պիտի Վարեն»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կատարեց «չափազանց արդիւնաւէտ քննարկում» մը, որ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ Կրինլանտի մէջ «յենարան» ունենալը արգիլելու շուրջ յառաջիկայ բանակցութիւններու ճամբայ կը հարթէ: ՕԹԱՆ-ի բանբեր Ալիսըն Հարթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն շուրջ քննարկումները պիտի կեդրոնանան նախագահին կողմէ նշուած շրջագիծի վրայ, որուն նպատակն է ապահովել բեւեռին մէջ անվտանգութիւն դաշնակիցներու, մասնաւորաբար` եօթը...

Ուիթքոֆ. «Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Կազայի  Խաղաղութեան Խորհուրդին Մասնակցութիւնը  Անոնց Յարաբերութիւններու Բարելաւման Պիտի Նպաստէ»

Ուիթքոֆ. «Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Մասնակցութիւնը Անոնց Յարաբերութիւններու Բարելաւման Պիտի Նպաստէ»

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին, որ ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կողմէ, պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ ներկայ լարուածութեան մեղմացման: Այս մասին «Սի.Էն.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ: «Ես Նեթանիահուի հետ խօսեցայ: Ան գիտէ, որ խորհուրդին միանալը շատ կարեւոր է: Մենք գիտենք, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ,...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Թրամփի Վարչակազմը Քուպայի Մէջ Տարեվերջէն  Առաջ Վարչակարգին Տապալման Համաձայնութեան Մը  Նպաստող Անձնաւորութիւններ Կը Փնտռէ

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Քուպայի Մէջ Տարեվերջէն Առաջ Վարչակարգին Տապալման Համաձայնութեան Մը Նպաստող Անձնաւորութիւններ Կը Փնտռէ

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» մէջբերելով աղբիւրներ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Քուպայի մէջ կը փնտռէ անձնաւորութիւններ, որոնք տարեվերջէն առաջ վարչակարգի տապալման նպատակը ունեցող համաձայնութեան մը գոյացման կը նպաստեն: Ամերիկեան օրաթերթը նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Քուպայի կառավարութիւնը երբեւէ այսքան տկար չէ եղած, մանաւանդ իր դաշնակիցը` Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն կորսնցնելէ ետք: Ամերիկեան վարչակազմի գնահատումով երկրին մէջ տնտեսական...

Շուէտն Ու Նորվեկիան Մերժեցին Խաղաղութեան  Խորհուրդին Մաս Կազմելու Թրամփի Հրաւէրը.  Նեթանիահու Ընդունեց

Շուէտն Ու Նորվեկիան Մերժեցին Խաղաղութեան Խորհուրդին Մաս Կազմելու Թրամփի Հրաւէրը. Նեթանիահու Ընդունեց

Շուէտի վարչապետ Օլաֆ Քրիսթերսոն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկած ներկայ ձեւաչափով Խաղաղութեան խորհուրդին մաս պիտի չկազմենք»: Նորվեկիոյ վարչապետարանը եւս յայտարարեց. «Կը մերժենք ընդառաջել Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին»: Նշենք, որ Թրամփ 60 պետութիւններու հրաւէր ուղղած էր մասնակցելու Խաղաղութեան խորհուրդին, որ սեպտեմբերին յայտարարուած էր իբրեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէկ...

Իրանեան Քրտական Կուսակցութիւն Մը Իրանը  Կ՛ամբաստանէ Էրպիլի Մէջ Իր Կեդրոնին Վրայ  Յարձակումի Յանցանքով

Իրանեան Քրտական Կուսակցութիւն Մը Իրանը Կ՛ամբաստանէ Էրպիլի Մէջ Իր Կեդրոնին Վրայ Յարձակումի Յանցանքով

Իրանեան ընդդիմադիր Քրտական ազատութեան կուսակցութիւնը, որուն կեդրոնատեղին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ է, երէկ Իրանը ամբաստանեց հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իր մէկ կեդրոնին վրայ յարձակելու յանցանքով, ինչ որ պատճառած է զոհ մը եւ վիրաւորած երկու ուրիշներ: Կուսակցութիւնը նշեց, որ յարձակումը թիրախաւորած է Էրպիլ նահանգին մէջ կուսակցութեան մէկ կեդրոնը: Քրտական ազատութեան կուսակցութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը կարծենք,...

Պարզանիի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Շարհ. «Քիւրտերու Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական  Իրաւունքները Պաշտպանուած Են»

Պարզանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Շարհ. «Քիւրտերու Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Իրաւունքները Պաշտպանուած Են»

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ քիւրտերու քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանուած են: Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն եւ կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն: Շարհ ընդգծած է, որ քիւրտերուն բոլոր իրաւունքները, ներառեալ ազգային,...

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տաւոսի տնտեսական ֆորումի ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց. «Սպիտակ տուն վերադառնալէս 12 ամիս ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական զարթօնք կը տեսնենք»` աւելցնելով. «Մինչեւ հիմա շուրջ 18 եռիլիոն տոլար ներդրումներ մեր երկիր բերինք»: «Համաշխարհային տնտեսութեան շարժիչը Միացեալ Նահանգներն են, եւ անոնց հետ մնացեալ երկիրները կը բարձրանան, անոնց հետ ալ կը նահանջեն», ըսաւ ան: «Եւրոպան ճիշդ ուղղութեամբ...

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Աշխարհի ղեկավարներէն 20-25-ը իրողապէս ընդունեցին Խաղաղութեան խորհուրդին մաս կազմել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան նշեց. «Այժմ իրանցիներուն հետ չենք բանակցիր, սակայն անոնց հետ կապի մէջ ենք»: Ուիթքոֆ նաեւ յայտարարեց. «Վաղը` հինգշաբթի, Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենամ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»: Ամերիկացի պատուիրակին համաձայն, ռուսական կողմը խնդրած է Մոսկուայի մէջ այս նոր հանդիպումը:...

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու` իբրեւ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դիմակայման գլխաւոր ուժ պարտականութիւնը «վերջ գտաւ»: Անոր համաձայն, Սուրիոյ կառավարական ուժերը այլեւս պատրաստ են ստանձնելու ապահովութիւնը բանտերուն ու գաղթակայաններուն, ուր կալանաւորուած են ժիհատականներ եւ անոնց ընտանիքներու անդամները: «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` իբրեւ գետնի վրայ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարի գլխաւոր ուժ դերակատարութիւնը մեծ մասամբ վերջ գտաւ», յայտարարեց Պարրաք:...

Թրամփ. «Ցուցմունք Տուի Ամբողջ Իրանը Երկրէն Վերացնելու, Եթէ Փորձէ Զիս Ահաբեկելու Իր Սպառնալիքները Գործադրել»

Թրամփ. «Ցուցմունք Տուի Ամբողջ Իրանը Երկրէն Վերացնելու, Եթէ Փորձէ Զիս Ահաբեկելու Իր Սպառնալիքները Գործադրել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «ՆիուզՆէյշըն» պատկերասփիւռի կայանի «Քէյթի Փաւլիչ Թունայթ» ծրագիրին հետ իր նախագահական երկրորդ նստաշրջանի միամեակին առիթով տրուած հարցազոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ «շատ խիստ ցուցմունքներ» տուած է «Իրանը այս Երկիրի երեսէն ջնջելու», եթէ զինք ահաբեկելու իր սպառնալիքները գործադրէ: Ան շեշտեց, որ ամերիկեան հակադարձութիւնը պիտի ներառէ ամբողջ պետութիւնը, եթէ այդ սպառնալիքները գործադրուին:

Ըստ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն.  Դամասկոսի Իշխանութիւններուն Պատկանող  Խմբաւորումներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ  Շրջաններուն Մօտ Իրենց Պարեկութիւնը Աշխուժացուցած Են

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Սուրիոյ, Քիւրտիստանի Եւ Եւրոպայի Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Դիմադրութեան Մասնակցելու

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատարութիւնը «Սուրիոյ, Քիւրտիստանի հիւսիսի, հարաւի եւ արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բոլոր քիւրտերուն» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն դէմ «թրքական յարձակումներու մագլցումին լոյսին տակ», «միանալու Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան շարքերուն: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտնեցին, որ իրենց շրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը 6 յունուարէն ի վեր յարձակումներու կ՛ենթարկուին` ընդգծելով, որ իրենց ուժերը կը շարունակեն «քաջաբար եւ մեծ զոհողութիւններով» կռուիլ` պաշտպանելու համար...

Page 42 of 882 1 … 41 42 43 … 882

Արխիւներ