Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Քանատական Օրաթերթի Մը Եւ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Քանատական Բանակը Ամերիկեան Ենթադրեալ Ներխուժման Դիմակայման Պատկերացում Մը Մշակած Է

January 28, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատական «Տը Կլոպ Էնտ Մէյլ» օրաթերթը, վկայակոչելով կառավարական երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ քանատական բանակը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Քանատան կցելու վերստին ակնարկելուն լոյսին տակ ամերիկեան ենթադրեալ ներխուժման դիմակայման զինուորական բնորդ մը մշակած է:

Պաշտօնատարները նշած են, որ քանատական հակադարձութիւնը կը հիմնուի Աֆղանիստանի մէջ աֆղան մարտիկներուն խորհրդային, ապա ամերիկեան ուժերուն դիմադրելու համար կիրարկածին նման մարտավարութիւններու վրայ:

Օրաթերթը աւելցուց, որ երկու պաշտօնատարները այն կարծիքը ունին, թէ անհաւանական է, որ Թրամփ Քանատա ներխուժելու հրաման արձակէ:

«Տը Կլոպ Էնտ Մէյլ» կը նշէ, որ ամերիկեան ներխուժման պարագային, ամերիկեան ուժերը պիտի կարենան երկու օրէն քանատական ցամաքային ու ծովային տարածքներուն տիրել:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մշակուած բնորդը զարգացման ենթակայ է, պատկերացումի շրջագիծ ու տեսութիւն է, եւ ոչ թէ զինուորական ծրագիր, այլ գործնական ուղեցոյց:

«Տը Կլոփ» կ՛աւելցնէ, որ Քանատան հաւանաբար օգնութեան համար պիտի դիմէ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի:

Քանատական բանակը անմիջապէս չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնը:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Քանատան ամերիկեան զինուորական հաւանական ներխուժման մը կը պատրաստուի, եւ դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով քանատական զինեալ ուժերը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու համաձայն, ամերիկեան ներխուժման զինուորական բեմագրութիւններ մշակած են:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, թէ Քանատան բաւարար մարդուժ ու արդիական սարքեր չունի ամերիկեան աւանդական յարձակում մը ետ մղելու համար, ինչ որ ծրագիրը մշակողները մղած են որդեգրելու ոչ աւանդական մարտավարութիւններ, որոնք ներշնչուած են աֆղան զինեալներու խորհրդային ուժերու, ապա թալեպաններու ամերիկեան ու միջազգային ուժերու դէմ կիրարկած մարտավարութիւններէն:

Նախորդը

Երեւանն Ու Պաքուն Համաձայնած Են Ազրպէյճանի Տարածքով Հեղուկ Կազի Եւ Պիթումի Երկաթուղային Փոխադրման Մասին

Յաջորդը

Պարրաք. «Իրաքի Մէջ Իրանի Կողմէ Նշանակուած Կառավարութիւն Մը Պիտի Չկարենայ Իրաքցիներուն Եւ Սուրիացիներուն Աւելի Լաւ Ապագայի Ձգտումները Իրագործել»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.