Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլեան Գնահատումներով Իրանի Դէմ Ամերիկեան Յարձակումը Մօտալուտ Է

January 27, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներու Իսրայէլ այցելութեան զուգահեռ իսրայէլեան պետութիւնը կը շարունակէ լուռ մնալ Իրանի հարցին նկատմամբ, մինչ գոյութիւն ունին հաւանականութիւններ, թէ ան քուլիսներու ետին աշխատանք կը տանի Միացեալ Նահանգները մղելու Իրանի վրայ լայնածաւալ յարձակումի մը, որ կը տապալէ անոր կառավարութիւնը:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն շրջանին մէջ մարտական միջոցներ հաւաքել, եւ Իսրայէլի գնահատումներուն համաձայն, Ուաշինկթըն Թեհրանի վրայ զինուորական յարձակում պիտի գործէ, սակայն որոշումը տակաւին չէ տրուած:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաւանական կը նկատէ, որ Միացեալ Նահանգներ քանի մը օրուան կարիքը ունի շրջանին մէջ անհրաժեշտ զինուորական ուժը կուտակելու համար` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի բոլոր բեմագրութիւններուն, ներառեալ շատ մօտալուտ յարձակումի մը:

Կայանը հաւանական նկատեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարը կիրակի գիշեր իր իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումին նպատակը Իրանի դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութեան մը նախօրեակին երկու բանակներուն միջեւ համակարգումն էր:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփի վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Իրանի վրայ «ուժեղ յարձակում» մը կը ջատագովեն, զայն նկատելով «ռազմավարական հիմնական քայլ մը»` աւելցնելով, որ այդ քայլը նաեւ կը վայելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ շարք մը եւրոպական պետութիւններու, ներառեալ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը:

Օրաթերթին համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Բրիտանիան եւ Յորդանանը մասնակից պիտի դառնան յարձակումին` Ուաշինկթընին հետախուզական եւ գործողութենական տեղեկութիւններ փոխանցելով, ինչպէս նաեւ կրնան դեր ստանձնել յարձակումին իբրեւ հակադարձութիւն արձանագրուած իրանեան հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու վնասազերծման մէջ:

«Իսրայէլ Հայոմ» կը նշէ, որ այդպիսի պաշտպանական գործողութիւններուն նպատակը պիտի ըլլայ Իսրայէլն ու Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ Ծոցի շրջանին մէջ ուժանիւթի կենսական ենթակառոյցները պաշտպանել:

 

Նախորդը

Իրաքի Հըզպալլայի Փաղանգները Կոչ Կ՛ուղղեն` Իրանին Աջակցելու Համար Համապարփակ Պատերազմի Պատրաստուելու

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Տարածքէն Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չարտօնեն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.