Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց տարածքէն Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չարտօնեն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պիտի չարտօնէ, որ իր օդային, ցամաքային եւ ջրային տարածքները օգտագործուին Իրանի դէմ որեւէ զինուորական գործողութեան համար:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի, որ Ապու Տապին նման գործողութիւններու համար որեւէ գումակային աջակցութիւն պիտի չցուցաբերէ:


