«Փաշինեանի Բոլոր Գաղափարները, Եթէ Այդպիսիք Կային, Ձախողած Են» Կ՛ըսէ Քալաշնիքով
Ռուս խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի մուտքը ծայրայեղ միջոց դարձաւ, որովհետեւ կողմերը չէին կրնար համաձայնիլ մարտերը դադրեցնելու շուրջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքով: «Կը կարծեմ, ի հարկէ, ոչ ոք կ՛ուզէ իր ժողովուրդը եւ իր քաղաքացիները վտանգել: Այս պարագային մենք ատոր դիմեցինք...




















