
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այցելած են Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Թուրք նախարարները հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: