Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան կարգաւորման հարցով միացեալ աշխատանքային խումբ ստեղծել: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրներուն:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, առաջարկը կատարուած է 7 նոյեմբերի` Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Թրքական պատկերասփիւռի կայանը կը պնդէ, թէ Փութին ողջունած է առաջարկը, եւ յառաջիկայ օրերուն ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւնները կրնան անցք կատարել դէպի երկկողմանի ձեւաչափ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն դուրս:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը յայտնած է. «Շաբաթ օր մենք խօսած ենք այն նիւթերուն մասին, որոնք շօշափուած են նախագահներ Փութինի եւ Էրտողանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Ես այդ հաղորդագրութեան վրայ աւելցնելու բան չունիմ: Ղարաբաղի նիւթը իսկապէս քննարկուած է»: