Միջազգային

«Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի  Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին  Հետախուզական Ծառայութիւնը Ատիկա Կը Զգայ»  Կ՛ըսէ Նարիշքին

«Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւնը Ատիկա Կը Զգայ» Կ՛ըսէ Նարիշքին

Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն: Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը ատիկա կը զգայ եւ աշխատանքի առանձին տարրեր կը տեսնէ», ըսած է Նարիշքին: Ան նաեւ յայտնած է,...

Ռուսիան Տարօրինակ Կը Նկատէ Ալիեւի Զգացական  Արձագանգը Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Օտարերկրեայ Վարձկաններու  Գոյութեան Վերաբերող Խօսքերուն

Ռուսիան Տարօրինակ Կը Նկատէ Ալիեւի Զգացական Արձագանգը Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Օտարերկրեայ Վարձկաններու Գոյութեան Վերաբերող Խօսքերուն

Ռուսիան տարօրինակ կը նկատէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի զգացական արձագանգը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օտարերկրեայ վարձկաններու գոյութեան վերաբերեալ խօսքերուն: Այս մասին ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր աղբիւրը: «Անկեղծ ըսելով` մեզի համար ընդհանրապէս հասկնալի չէ Ազրպէյճանի յարգարժան նախագահ Իլհամ Հայտարի Ալիեւի արձագանգը Սերկէյ Վիքթորի Լաւրովի մեկնաբանութեան: Ազրպէյճանի նախագահի օգնականները,...

Յունական Տիտիմոթիխօ Քաղաքի Քաղաքային  Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Արցախի Վրայ  Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

Յունական Տիտիմոթիխօ Քաղաքի Քաղաքային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Արցախի Վրայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

Յունական Տիտիմոթիխօ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է բանաձեւ մը` համերաշխութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ դատապարտելով Արցախի վրայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներն ու բռնարարքները: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ բանաձեւին մէջ քաղաքի իշխանութիւնները նաեւ կը դատապարտեն այն բոլոր կողմերը, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին:  

Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի  Մնայուն Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Ղարաբաղեան  Տագնապի Գօտիին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Մնայուն Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարը: «Արմէնփրես» վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գործնական խորհրդակցութեան մասին երէկ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Շարունակուած է Ղարաբաղի շուրջ կացութեան եւ լուծման ջանքերուն վերաբերեալ կարծիքներու փոխանակումը»,...

Պաքու Յայտարարած Է, Որ ԱՊՀ-ի Հետ Համագործակցութեան  Զարգացումը Անկարելի Է Մինչեւ Ղարաբաղեան Հարցի Լուծումը

Պաքու Յայտարարած Է, Որ ԱՊՀ-ի Հետ Համագործակցութեան Զարգացումը Անկարելի Է Մինչեւ Ղարաբաղեան Հարցի Լուծումը

Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) մէջ համագործակցութեան համապարփակ զարգացումը անկարելի է առանց Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան լուծման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով` ԱՊՀ-ի կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի` տեսաժողովի ձեւաչափով նիստի ընթացքին: «Ազրպէյճան շահագրգռուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցով` թէ՛ երկկողմ, թէ՛ ալ բազմակողմ ձեւաչափերով: Սակայն համագործակցութեան ծիրին մէջ բազմակողմանի համագործակցութիւնը անկարելի է...

Պասքերու Երկրի Սան Սեպասթիանի Քաղաքային  Խորհուրդ. «Տագնապի Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ  Բանակցութիւններու Միջոցով Եւ Արցախի Քաղաքացիներու  Ազատ Կամքի Արտայայտութեան Հիման Վրայ»

Պասքերու Երկրի Սան Սեպասթիանի Քաղաքային Խորհուրդ. «Տագնապի Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ Բանակցութիւններու Միջոցով Եւ Արցախի Քաղաքացիներու Ազատ Կամքի Արտայայտութեան Հիման Վրայ»

Պասքերու երկրի Սան Սեպասթիան քաղաքի քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որով իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: «Քաղաքային խորհուրդը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու զինուորական յարձակումը եւ կը վերահաստատէ, որ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու միջոցով` այդ հոլովոյթին մէջ Արցախի ներկայացուցիչներու ուղիղ մասնակցութեամբ...

Պունտըսթակի Ընդդիմադիր Երեսփոխան  Տաղտելեն Կը Պահանջէ Արգիլել  «Գորշ Գայլեր»-ու Գործունէութիւնը

Պունտըսթակի Ընդդիմադիր Երեսփոխան Տաղտելեն Կը Պահանջէ Արգիլել «Գորշ Գայլեր»-ու Գործունէութիւնը

Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտըսթակի ընդդիմադիր Ձախ կուսակցութեան երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելեն պահանջած է արգիլել Գերմանիոյ տարածքին «Գորշ գայլեր» խմբաւորումին գործունէութիւնը: «Դաշնակցային կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ հետեւի Ֆրանսայի օրինակին եւ արգիլէ այս երկրին մէջ «Գորշ գայլեր»-ու հովանոցային կազմակերպութեան` Գերմանիոյ ժողովրդավարական ազգայնական թրքական ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան գործունէութիւնը», նշած է Ձախ կուսակցութեան երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելեն: Տաղտելեն նշած է, որ քիւրտերու, հայերու, ալեւիներու, յոյներու եւ հրեաներու դէմ...

Ֆրանսացի Ծերակուտական Մը Կը Յորդորէ  Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Դէմ  Եւ Զայն Դուրս Դնել ՕԹԱՆ-էն

Ֆրանսացի Ծերակուտական Մը Կը Յորդորէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Դէմ Եւ Զայն Դուրս Դնել ՕԹԱՆ-էն

Ֆրանսացի ծերակուտական Ռեմի Ֆերօ 4 նոյեմբերին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանին կոչ ուղղած է Հինգերորդ հանրապետութեան եւ ամբողջ Եւրոպայի անունով պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` Հին աշխարհի անվտանգութեան սպառնացող յարձակողապաշտ գործողութիւններուն համար: «Ժամանակն է խօսքերէն անցնելու գործի», ըսած է Ֆերօ: Ծերակուտականին կարծիքով` Անգարան պէտք է դուրս դրուի ՕԹԱՆ-էն, իսկ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը կարելի է փակուած նկատել: «Թուրքիան...

Գերմանիա Եւրոպական Միութեան  Կոչ Ուղղած Է` Խստացնելու Թուրքիոյ  Նկատմամբ Տնտեսական Ճնշումը

Եւրոպական Միութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Եւրոպական Միութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովուն մէջ անօրինական գործունէութեան համար, եւ սպառնացած է նոր պատժամիջոցներ հաստատել Անգարայի դէմ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Այսօր խորհուրդը որոշած է մէկ տարիով` մինչեւ 12 նոյեմբեր 2021 երկարաձգել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի գործունէութեան...

Թրիւտօ Եւ Մաքրոն Անդրադարձած Են Լեռնային  Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

Թրիւտօ Եւ Մաքրոն Անդրադարձած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քանատայի վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ երկու երկիրներուն ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին անդրադարձած են հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: «Վարչապետն ու նախագահը միտքեր փոխանակած են համաշխարհային հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են արեւելեան միջերկրածովեան շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող...

Թուրքիան Արձագանգած Է Ֆրանսայի` «Գորշ Գայլեր»  Ծայրայեղական Շարժումը Լուծարելու Որոշումին

Թուրքիան Արձագանգած Է Ֆրանսայի` «Գորշ Գայլեր» Ծայրայեղական Շարժումը Լուծարելու Որոշումին

Թուրքիա դատապարտած է թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական շարժումը լուծարելու Ֆրանսայի որոշումը` յայտարարելով, որ այդ քայլը խմբաւորման մասնակիցներու ազատութիւններու խախտում է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ»-ը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ Ֆրանսան մեղադրած են «փարիսեցիութեան» յանցանքով` նշելով, որ երկիրը «ամբողջութեամբ հայկական շրջանակներու պատանդը դարձած է»: Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Անգարան «վճռական» պատասխան պիտի տայ այդ քայլին: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի ներքին...

16 Դեկտեմբերի Ժամկէտին Ընդառաջ.  Ամերիկեան Նախագահական Ընտրութիւնը`  Համաշխարհային Առանցքային Կիզակէտ

16 Դեկտեմբերի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ամերիկեան Նախագահական Ընտրութիւնը` Համաշխարհային Առանցքային Կիզակէտ

Ամերիկեան նախագահական ընտրութեան նժարը կը թուի, թէ կը թեքի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի ուղղութեամբ, որ եթէ յաջողի, պիտի դառնայ   Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը: Ան երէկ մինչեւ ուշ գիշեր յայտարարուած արդիւնքներով ստացած էր 264 քուէ, իսկ ընթացաւարտ նախագահ Տանըլտ Թրամփ` 214 քուէ: Նորընտիր նախագահը իշխանութիւնը պիտի ստանձնէ յունուար 2021-ին, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ուշագրաւ փոփոխութիւն պիտի կրէ ներքին թէ արտաքին...

«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Ծայրայեղ  Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Արտաքին  Ուժերու Միջամտութիւն Չարտօնելու»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Ծայրայեղ Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Արտաքին Ուժերու Միջամտութիւն Չարտօնելու» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ գործնականին մէջ շրջանին մէջ կացութիւնը բերելու լարուածութեան մեղմացման: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ծայրայեղ զսպուածութիւն դրսեւորելու, խուսափելու քաղաքային բնակչութեան ուղղութեամբ հասցուող հարուածներէն, չարտօնելու արտաքին ուժերու միջամտութիւնը: Անհրաժեշտ է գործնականին մէջ կացութիւնը բերելու զինադադարի դրութեան, լարուածութեան մեղմացման եւ բանակցութիւններու...

Խոստովանելով, Որ Ազրպէյճանական Բանակը  Թիրախաւորած Է Արցախի Քաղաքները.  Ալիեւ Բացայայտօրէն Ստած Է` Խեղաթիւրելով  Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Խոստովանելով, Որ Ազրպէյճանական Բանակը Թիրախաւորած Է Արցախի Քաղաքները. Ալիեւ Բացայայտօրէն Ստած Է` Խեղաթիւրելով Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, օգտագործելով սպանական «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութեան հարթակը, բացայայտ կերպով ստած է` խեղաթիւրելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը: Ալիեւ ըսած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ պատերազմը կ՛ընթանայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, սակայն նման ձեւակերպում այդ յայտարարութեան մէջ չկայ: Խօսելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նամակին մասին` Ազրպէյճանի...

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ,  Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կողմերուն Զգուշացում Տրուած Է Իրանի Սահմանին Մօտ Ահաբեկիչներու Ներկայութեան Հարցով» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօրավար Հիւսէյն Սալամի յայտարարած է, որ Ազրպէյճանին ու Հայաստանին նախազգուշացում տրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մագլցումին լոյսին տակ Իրանի հետ սահմանային շրջանին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան հարցով: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զօր. Սալամին երէկ այցելած է Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահման Արտապիլի նահանգին մէջ, որ մօտ է այն շրջաններուն, ուր վերջին շաբաթներուն մարտեր կ՛ընթանան: Հրամանատարը ըսած...

Փարիզ Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ  Հաստատել Անգարայի Դէմ` Էրտողանի  Յայտարարութիւններուն Պատճառով

Փարիզ Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ Հաստատել Անգարայի Դէմ` Էրտողանի Յայտարարութիւններուն Պատճառով

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան անթոյլատրելի կոչած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտայայտութիւնները Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հասցէին եւ չէ բացառած պատժամիջոցներու սահմանումը: «Այժմ նախագահ Էրտողան պարբերաբար յայտարարութիւններ կ՛ընէ բռնութեան եւ նոյնիսկ ատելութեան մասին, ինչ որ անթոյլատրելի է: Վերջին օրերուն մենք փոխած ենք մօտեցումը մեր եւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպայի մասին Էրտողանի յայտարարութիւններուն նկատմամբ: Ճնշում գործադրելու միջոցներ կան, պատժամիջոցներու հաւանականութիւն...

«Ֆրանսա Կը Պայքարի Իսլամական  Ծայրայեղականութեան Եւ Ոչ Թէ Իսլամութեան Դէմ»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսա Կը Պայքարի Իսլամական Ծայրայեղականութեան Եւ Ոչ Թէ Իսլամութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պայքարի իսլամական ծայրայեղականութեան եւ ոչ թէ իսլամութեան դէմ` հակադարձելով «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի  յօդուածին, որ, ինչպէս Ֆրանսայի նախագահը պնդած է, սխալ մեկնաբանած է իր խօսքերը: Մէկ օր առաջ հրապարակուած նամակին մէջ Մաքրոն յայտարարած է, որ բրիտանական օրաթերթը զինք մեղադրած է «նախընտրական նպատակներով ֆրանսացի իսլամները անարգելու եւ անոնց նկատմամբ կասկածամտութեան մթնոլորտ ստեղծելու յանցանքով»:...

Փութին Լուքաշենքոյի Հետ Քննարկած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Փութին Լուքաշենքոյի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու հաղորդակցութիւնները` տարբեր մակարդակներու վրայ:  

Կոչ Ուղղելով Վերջ Տալու Դիւրըմբռնելի Հանդուրժողականութեան.  «Քաղաքական Իսլամութիւնը Վտանգաւոր Է  Եւրոպական Կենսակերպին Համար»  Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Կոչ Ուղղելով Վերջ Տալու Դիւրըմբռնելի Հանդուրժողականութեան. «Քաղաքական Իսլամութիւնը Վտանգաւոր Է Եւրոպական Կենսակերպին Համար» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է պատշաճօրէն արձագանգելու «քաղաքական իսլամութեան» եւ վերջ տալու «դիւրըմբռնելի հանդուրժողականութեան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Քուրց եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է ապագային «աւելի շատ կեդրոնանալու քաղաքական իսլամութեան խնդիրին վրայ»` յայտարարելով, որ «քաղաքական իսլամութեան գաղափարախօսութիւնը վտանգաւոր է եւրոպական ազատութիւններուն եւ արժէքներուն համար»: «Ես յոյսով եմ, որ...

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Կ՛ընէ, Որպէսզի  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը  Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Աւարտի»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Կ՛ընէ, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Աւարտի» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատմած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար Ռուսիոյ գործադրած ջանքերուն մասին: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ Փութին Ռուսիոյ Ազգային միասնութեան օրուան նուիրուած պատկերասփռուած ասուլիսի ընթացքին ընդգծած է, որ Ռուսիան ամէն ինչ կ՛ընէ տագնապի շուտափոյթ լուծման համար, հաղորդակցութեան մէջ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ եւ յոյս յայտնած է, որ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ արդիւնքներու, որոնք...

Page 409 of 883 1 … 408 409 410 … 883

Արխիւներ