Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Յառաջիկայ Երեսուն Տարուան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

November 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, թէ՛ Թուրքիան գիտեն, որ միութեան միանալու բանակցութիւնները «ոչինչի պիտի յանգին»: «Ահվալնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ` աւելցնելով, որ ինք Թուրքիան յառաջիկայ երեսուն տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ չի տեսներ:

«Երկար ժամանակ Աւստրիան կը գտնէր, որ արդէն սառեցուած անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք է պաշտօնապէս ամբողջութեամբ դադրեցուին», ըսած է Շալլենպերկ` մատնանշելով Թուրքիոյ վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի վերջին զեկուցումը, որ ցոյց տուած է Քոփենհակընի համաձայնագիրի կէտերուն հետեւելու զգալի անկում:

Անդամակցութեան բանակցութիւններու փոխարէն, Եւրոպական Միութիւնը պէտք է «այժմ սկսի աշխատիլ գործընկերութեան վրայ` երկու կողմերու շահերը սպասարկելու համար», ըսած է նախարարը:

Շալլենպերկ խօսած է նաեւ Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն մասին, ուր Թուրքիան, Կիպրոսը եւ Յունաստանը լարուած տագնապի մէջ են բնական հարստութիւններու եւ տարածքային ջուրերու իրաւունքներու շուրջ ամիսներ տեւող վէճերու պատճառով:

«Բնական կազի եւ ծովային սահմաններու հարցերը լուծելու միակ միջոցը բանակցութիւններն են կամ միջազգային դատարանը, ոչ թէ զինուորական ուղին: Մենք պէտք չէ խաբուինք (Էրտողանի) հնարքներէն», ըսած է աւստրիական դիւանագիտութեան պետը:

Նախարարը նաեւ նշած է, թէ «կասկած չկայ», որ Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ Աւստրիան կ՛աջակցի Յունաստանին եւ Կիպրոսին, եւ աւելցուցած է. «Միւս կողմէ, մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք բանակցութիւններու սկսելու համար»:

Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւնները սրուած են 2020 թուականին` գաղթականներու ճգնաժամի եւ Եգէական ու Միջերկրական ծովերուն մէջ հարստութիւններու արդիւնահանման իրաւունքներու շուրջ վէճերու պատճառով:

 

Նախորդը

Թուրքիա Ֆրանսան «Աւազակային» Պետութիւն Կ՛որակէ

Յաջորդը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Ծայրայեղականներու Աւելի Աշխուժ Ներգրաւուածութեան Խնդիրը

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.