Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանցի Երեսփոխանը Խամենէին Կը Մեղադրէ Ահաբեկիչներու Տարանցում Ապահովելու Յանցանքով

November 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանցի երեսփոխան Պահրուզ Մակեմարով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին մեղադրած է ահաբեկիչներու տարանցումը ապահովելու յանցանքով, իսկ Ռուսիան եւ Ֆրանսան` կեղծ լուրեր տարածելու յանցանքով: Այս յայտարարութիւնը յառաջացուցած է դժգոհութիւնը Իրանի, ուր կը պահանջեն Ազրպէյճանի դեսպանը կանչել արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր յղել Պաքուին:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը 3 նոյեմբերին պատկերասփռուած իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, շրջանին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր: «Հակառակ հերքումներուն` գոյութիւն ունին վստահելի հրապարակումներ, որոնք կը փաստեն ահաբեկիչներու ներկայութիւնը: Ահաբեկիչները պէտք չէ Իրանի սահմաններուն մօտ տեղակայուին, եթէ անոնք մօտենան Իրանի սահմաններուն, ապա խիստ հակազդեցութեան պիտի արժանանան», ընդգծած է Խամենէի:

Ազրպէյճանական «Իւնգնոքթա» կայքին համաձայն, Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Պահրուզ Մակեմարով 6 նոյեմբերին Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով Իրանի հոգեւոր ղեկավարի խօսքին, նշած է. «Ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ Իրանի հոգեւոր ղեկավարը ահաբեկիչ ըսելով յղում չի կատարեր Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ տարածուող կեղծ լուրերուն: Ան ահաբեկիչ ըսելով, նկատի ունի Հայաստան եւ Ղարաբաղ տեղափոխուած ՔԱԿ¬ի, ԱՍԱԼԱ¬ի եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներուն, որոնց մէկ մասը ժամանակին Իրանի տարածքով տեղափոխուած է, եւ ճիշդ զանոնք կը նկատէ վտանգ շրջանի եւ Իրանի համար»:

Մինչ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ կը փորձէ շտկել իրավիճակը եւ վերցնել ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու` երեսփոխան Մակեմարովի յայտարարութեան վերաբերեալ հրապարակումները, Իրանի մէջ կը պահանջեն Ազրպէյճանի դեսպանը կանչել արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր յղել Պաքուին:

Նախորդը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Ծայրայեղականներու Աւելի Աշխուժ Ներգրաւուածութեան Խնդիրը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այցելեցին Պաքու

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.