Ռուսիոյ Օդուժի Օդանաւերը Պիտի Կարենան Օգտագործել Ստեփանակերտի Օդակայանը
Ռուսիոյ օդուժի օդանաւերը պիտի կարենան Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործել Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական կեդրոններ մատակարարումներ կատարելու համար: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով տեղւոյն պետական կառավարման մարմիններուն մէջ իր ունեցած աղբիւրին տրամադրած տեղեկութեան:
Ըստ աղբիւրին, Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի սկսի գործել դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակին ընթացքին:
«ՌԻԱ Նովոսթի» աւելի ուշ հաղորդեց, որ Արցախի նախագահի խորհրդականը ռուսական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է այն տեղեկութիւնը, թէ Ստեփանակերտի օդակայանը յառաջիկային պիտի գործէ:
«Այսպէս ըսեմ` ատիկա շատ մօտիկ ապագային պիտի ըլլայ», լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահի խորհրդականը` միաժամանակ ճշգրիտ ժամկէտ չնշելով: