Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Ստորագրուած Եռակողմ Յայտարարութիւնը Կեանքի Կը Կոչուի»

December 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնը կեանքի կը կոչուի: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի առցանց նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Բոլորին քաջ յայտնի է, որ անհրաժեշտ եղան Ռուսիոյ աշխուժ միջնորդական ջանքերը, որպէսզի կանխարգիլուի արիւնահեղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ` հասնելու կրակոցի ամբողջական դադրեցման ու սկսելու կայունացման հոլովոյթին: Միաժամանակ մենք հետեւած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան միջոցով հասած անկիւնաքարային համաձայնութիւններուն: Այժմ եռակողմ յայտարարութիւնը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուի: Տագնապի գիծին վրայ եւ Լաչինի միջանցքին մէջ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները», ըսած է Փութին:

Վլատիմիր Փութին կարեւոր նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ վնասուած անձերու համակարգուած օգնութիւն ցոյց տալը:

«Կարեւոր է օգնութիւն ցոյց տալը` լուծելու մարդասիրական խնդիրները, որոնք առնչուած են տեղահանուածներու վերադարձին, աւերուած ենթակառոյցներու վերանորոգման, մշակութային եւ կրօնական կոթողներու պաշտպանութեան: Ռուսական կողմը, Երեւանի եւ Պաքուի հետ համագործակցելով, արդէն կը զբաղի այս բոլոր հարցերով», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

Անոր համաձայն, կը քննարկուի նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը:

Փութին նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուած էին շատ բարդ, սակայն ժողովուրդին համար անհրաժեշտ որոշումներ կայացնել: «Անոնք ցաւոտ էին եւ վարչապետին կողմէ քաջութիւն կը պահանջէին», նշած է ան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ իր երկիրը կ՛ողջունէ ռուսերէնին Արցախի մէջ երկրորդ պետական լեզուի կարգավիճակի հաւանական շնորհումը եւ պատրաստ է օգնելու ատոր հետագայ տարածման հարցին մէջ:

«Ռուսերու լեզուն ամէն պարագայի թէ՛ Ղարաբաղի մէջ կը գործածուի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, ռուսերէն կը խօսին նաեւ Ազրպէյճանի մէջ, ընդհանրապէս աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ կը խօսին ռուսերէն, ներառեալ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքը: Եւ կը խօսին, որովհետեւ անիկա հաղորդակցութեան համար յարմար լեզու է, եւ անիկա նախկինին պէս կ՛ուսումնասիրեն: Բնականաբար, մենք ատիկա ամէն ձեւով կ՛ողջունենք եւ պատրաստ ենք հետագային շարունակելու նպաստել ատոր տարածման ու ռուսերէնի տիրապետման մակարդակի պահպանման, ասիկա մեր խնդիրը կը նկատենք», ըսած է Փեսքով:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ռուսիան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին չ՛առաջարկեր ռուսերէնը պետական երկրորդ լեզու դարձնել` ընդգծելով, որ ատիկա որեւէ երկրի ներքին գործն է:

Փեսքով աւելցուցած է, որ ասիկա բանակցութիւններու կամ հաղորդակցութիւններու նիւթ չէ, ասիկա իրողապէս իրավիճակ մըն է, երբ ռուսերէն կը խօսին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի մէջ:

Մէկ օր առաջ շրջանառուած էր տեղեկութիւն, թէ Արցախի խորհրդարանը կը քննարկէ ռուսերէնին պետական երկրորդ լեզուի կարգավիճակ շնորհելու հարցը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Օդուժի Օդանաւերը Պիտի Կարենան Օգտագործել Ստեփանակերտի Օդակայանը

Յաջորդը

Հեմիլթըն Եւ Հենտըրսըն` Անգլիոյ Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուներուն Կարգին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.