Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Ռուսթամ Մուրատովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու միացեալ յայտարարութեան կէտերուն վերաբերող հարցեր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: