Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Առաջարկած Է Նախիջեւանը Ազրպէյճանին Եւ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին Միացնող Նոր Միջանցքներ Կառուցել

Դեկտեմբեր 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջարկած է ստեղծել Նախիջեւանը երկրի արեւմտեան հատուածին կապող միջանցք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Մենք Նախիջեւանը կը հանենք շրջապատումէն` միեւնոյն ժամանակ բանալով նոր փոխադրամիջոցային զարկերակ: Կրնամ ըսել, որ ատկէ պիտի շահին բոլոր երկիրները», ըսած է Ալիեւ` ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ:

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը եւ Հայաստանը պիտի կարենան միանալ նոր միջանցքին: «Այսպիսով, շրջանին մէջ կրնայ ստեղծուիլ համագործակցութեան նոր հնգակողմ հարթակ: Ես այդ գաղափարը արդէն հասցուցած եմ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն: Ատոր դրական արձագանգած են թէ՛ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, թէ՛ ալ Վլատիմիր Փութին: Ասիկա մեր առաջարկն է: Մենք կ՛ուզենք, որ շրջանին մէջ հաստատուի երկարաժամկէտ խաղաղութիւն», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքու կ՛առաջարկէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող նոր միջանցք ստեղծել, փոխարէնը Ազրպէյճանին յանձնել Բերձոր քաղաքը:

«Հիմա բոլորը լաւ գիտեն, որ Լաչինի միջանցքը կ՛անցնի Լաչին (Բերձոր) քաղաքէն: Այսպիսով, Լաչին քաղաքը կը մնայ այս միջանցքին մէջտեղը: Ռուսիոյ նախագահին հետ զրոյցներու ընթացքին ես ըսած եմ, որ Լաչին քաղաքը եւս պէտք է մեզի վերադարձուի: Հետեւաբար, մենք կ՛առաջարկենք կառուցել նոր միջանցք: Մշակել երթուղի` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող նոր միջանցքի համար, եւ զայն կառուցել: Այստեղ կը նշուի նաեւ ժամանակը` երեք տարուան ընթացքին: Սակայն ես կը հաւատամ, որ ատիկա կրնանք ընել աւելի կանուխ: Նոր միջանցքի շրջագիծերը որոշելէ ետք` Լաչին քաղաքը նոյնպէս պիտի վերադարձուի մեզի: Այս հարցը արժանի է յատուկ ուշադրութեան, որովհետեւ եթէ ես չհասնէի ատոր յայտարարութեան մէջ ներառման, Լաչինի միջանցքը մշտապէս պիտի ընդգրկէր Լաչին քաղաքը», ըսած է Ալիեւ:

Ռուսական «Մոսքօ-Պաքու» կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է. «Յայտարարութեան սկզբնական տարբերակին մէջ մեզի առաջարկուած էր, որ Լաչինի միջանցքին լայնքը ըլլայ 30 քիլոմեթր: Ես կտրուկ կերպով դէմ էի ատոր եւ ըսած եմ, որ հայկական կողմի այս պնդումները բացարձակապէս անհիմն են: Միջանցքի ծիրին մէջ անվտանգութեան քայլեր ապահովելու համար այդպիսի լայն միջանցքի կարիք չկայ: Ուստի ես ասիկա նկատած եմ բացարձակապէս անընդունելի առաջարկ եւ արտայայտած իմ կարծիքս: Այնուհետեւ, երկրորդ տարբերակին մէջ կը նախատեսուէր, որ Լաչինի միջանցքի լայնքը պիտի կազմէ 10 քիլոմեթր: Ես ասոր ալ համաձայնութիւն չեմ տուած, այս պատճառով ալ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է 5 քիլոմեթր լայնքով միջանցքի շուրջ: 5 քիլոմեթր լայնքով միջանցքը բաւարար է թէ՛ մեզի, թէ՛ ալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ապահովման համար», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է նաեւ, որ յայտարարութեան սկզբնական տարբերակին մէջ միջանցքը պիտի մնար հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ, սակայն իր` դէմ ըլլալուն պատճառով միջանցքը անցած է ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ շուրջ 30 տարիէ ի վեր ընթացող բանակցութիւններու ժամանակ Քաշաթաղի շրջանի Ազրպէյճանին վերադարձը, յատկապէս միջանցքին հետ առնչուած հարցը, միշտ քննարկուած է իբրեւ շատ կարեւոր առանձին նիւթ:

«Հայկական կողմը առհասարակ կը գտնէր, որ Լաչինի ամբողջ շրջանը պէտք է իրեն տրուէր իբրեւ միջանցք: Դժբախտաբար, որոշ արեւմտեան շրջանակներ կ՛աջակցէին այդ դիրքորոշումին», ըսած է ան:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ յայտնած է. «Ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղ բնակող մարդիկը Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են»:

«Այժմ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ չկայ: Եթէ ոեւէ մէկը կը մտածէ, թէ այս տագնապը կը շարունակուի, ան կը սխալի: Այսօր, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող մարդիկը Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են: Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել, որ անոնք պիտի տեսնեն, թէ միակ ազրպէյճանական պետութեան մը ծիրին մէջ իրենց կեանքը լաւ պիտի ըլլայ», յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Փեսքով Չի Մեկնաբաներ

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չէ մեկնաբանած Ազրպէյճանի նախագահի` Նախիջեւանէն Ազրպէյճան նոր միջանցք բանալու մասին յայտարարութիւնը: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, Փեսքով յայտնած է, թէ փոխադրամիջոցային հարցերը ընդհանուր առմամբ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու օրակարգին վրայ են:

«Ես այդ նիւթը կը ձգեմ առանց մեկնաբանութեան», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

Ան յիշեցուցած է, թէ որոշ ժամանակ առաջ Փութինի եւ Ալիեւի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ քրեմլինեան հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ նշուած է, որ երկու պետութիւններու ղեկավարները այլ խնդիրներու զուգահեռ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու զարգացման եւ ապաշրջափակման հարցեր քննարկած են:

«Հաղորդագրութիւններուն մէջ նման արտայայտութիւն պիտի գտնէք: Այդ պատճառով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նիւթերը, այո՛, օրակարգի վրայ են եւ կը քննարկուին մեր առաջնորդներուն կողմէ: Սակայն այդ նիւթը ես կը ձգեմ առանց մեկնաբանութեան», նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Լրագրողները ճշդող հարցում ուղղած են` չի՞ մեկնաբաներ Ալիեւի այն պնդումը, որ Փութին դրական գնահատական ու հաւանութիւն տուած է այդ գաղափարին: Փեսքով հաստատած է` «Այո»:

 

Նախորդը

Թուրքիա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Համար Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարէ

Յաջորդը

Ռուսիան Ու Թուրքիան Արցախի Մէջ Հսկողութեան Կեդրոնի Ստեղծման Վերաբերեալ Համաձայնագիր Ստորագրած Են

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?