Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է զինադադարի դրութիւնը վերահսկելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու հարցով Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութիւնը վերահսկող հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու եւ գործարկելու վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ թեքնիք բանակցութիւնները աւարտած են, ստորագրուած է համաձայնագիր», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ այժմ աշխատանքներ կը տարուին յառաջիկային կեդրոնի աշխատանքի մեկնարկին համար: